Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ԱՆՏՐԷՅ ՔԱԼՊՈՒՐ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրով՝ Մոլտավիոյ Փոխ-վարչապետ, Արտաքին գործոց ու Եւրոպայի հետ համարկման գծով նախարար Անտրէյ Քալպուր այսօր շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Օրուան տեւողութեան հիւր նախարարը կ՚ընդունուի նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Նալպանտեան եւ Քալպուր կը ստորագրեն շարք մը փաստաթուղթեր եւ հանդէս կու գան մամլոյ ասուլիսով։
Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2016