Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ՀԱՍԱՆ ՌՈՒՀԱՆԻ ՅԱՋՈՐԴ ՇԱԲԱԹ ԵՐԵՒԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի յաջորդ շաբթուան մէջ այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան։ Ամենաբարձր մակարդակի այս այցելութիւնը կը զուգադիպի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ երկու երկիրներու համատեղ օրակարգին վրայ կը գտնուին շարք մը կարեւորագոյն ծրագրեր, որոնք կրնան փոխել տարածքաշրջանային համագործակցութեան կլիման։
Թեհրանի «Ֆարս» գործակալութեան հաղորդումներով, Հասան Ռուհանի Հայաստանէ վերջ պիտի այցելէ նաեւ Ղազախիստան եւ Խրղըզիստան։
Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2016