ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, հին վեհարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենադպիր Մկրտիչ Սերթշիմշէք, որոնք նոյնպէս Հայաստան կ՚այցելեն այս օրերուն։ Վեհափառ Հայրապետը եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մօտաւոր անցեալին միասնաբար ժողովներու մասնակցած էին Նիւ Եորքի մէջ եւ այս առաւօտ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին ուրախութիւն յայտնեցին կարճ ժամանակ անց զիրար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերագտած ըլլալու համար։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքը փոխանցեց Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասուն եւ ամբողջ թրքահայ համայնքին։ Ան ուրախութեամբ տեղեկացաւ, որ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան առաջին անգամ կ՚այցելեն Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Նորին Սրբութիւնը յորդորեց լաւ արժեւորել այդ առիթը։ Զրոյցի տեւողութեան Հայր Սուրբն ու Տէր Հայրը Ընդհանուր Փոխանորդին ներկայութեամբ Վեհափառ Հայրապետին նուիրեցին Պատրիարքական Աթոռի զանազան հրատարակութիւնները, ինչպէս նաեւ իրենց ջանքերով պատրաստուած այլ գործեր. օրինակ՝ «Յուշամատեան Գատըգիւղի» եւ «Սուրբ Երկիրը կը կանչէ»։ Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը արտայայտեց Պատրիարքական Աթոռի հրատարակչական ծրագրերուն շուրջ։ Ջերմ զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ամփոփ ձեւով անդրադարձաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի գործունէութեան։
Հարկ է նշել, որ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ օրուան երկրորդ կէսին Միացեալ Նահանգներէն վերադարձաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ այս առաւօտ անմիջապէս հիւրընկալեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը։ Այս տեսակցութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի Հայաստան կատարած այցելութեան զուգահեռ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ շրջանառութեան մէջ դրուած անհիմն պնդումներն ու շարք մը զրպարտութիւնները հերքելու տեսանկիւնէն։ Արդարեւ, ինքզինքը «Կը պահանջենք պատժել Արամ Արք. Աթէշեանը» հասարակական-քաղաքացիական նախաձեռնութիւն կոչած ծայրայեղականներու խմբաւորումը վերջին օրերուն տգեղ ցեխարձակումներ կը կատարէ Նորին Սրբազնութեան դէմ ու կը փորձէ հանրային կարծիքին նենգափոխեալ ձեւով ներկայացնել այս այցելութիւնը։ Այդ նախաձեռնութեան անդամներէն Սարգիս Հացպանեան երէկ Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին զարմանալի պնդումներ յառաջ քշեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին դէմ։ Ան փորձեց գայթակղեցուցիչ ոճով մը արդարացնել իր յառաջ քշած անհիմն պնդումները։ Երեւոյթի զարմանալի կողմերէն մին ալ այն է, որ Սարգիս Հացպանեան նախկին թրքահայ մըն է եւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սան։ Երէկուան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ան պնդեց, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան չի կրնար Հայաստան մեկնած ըլլալ՝ Վեհափառ Հայրապետին հետ տեսակցելու համար։ Ան այսպէսով տարակուսանք յայտնեց՝ օր մը առաջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնական աղբիւրներուն կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն շուրջ։ Հացպանեան երէկ պնդեց, որ Վեհափառ Հայրապետը Հայաստանէն կը բացակայէր, իր տուեալներով շուրջ շաբաթ մը վերջ պիտի վերադառնար, իսկ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան միայն երեք օրով գացած էր Հայաստան։ Հետեւաբար ինչպէ՞ս տեղի պիտի ունենար անոնց տեսակցութիւնը։
Կարելի չէ գիտնալ, որ այդ պնդումները դիտումնաւո՞ր կամ սխալմամբ յառաջ քաշուեցան Հացպանեանին կողմէ։ Յամենայնդէպս, այդ մամլոյ ասուլիսին վրայէն նոյնիսկ տակաւին օր մը չանցած տեղի ունեցաւ Վեհավառ Հայրապետին եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տեսակցութիւնը, ինչ որ ինքնին իմաստազրկեց անհիմն յայտարարութիւնները եւ մթնոլորտը պղտորելու ուղղեալ տխուր ջանքերը։