ՄՈՒՐՍԻԻ ՊԱՏԻԺԸ ԿԱՍԵՑՈՒԱԾ

Ե­գիպ­տո­սի մէջ ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ հե­տաքրք­րա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն մը, ինչ որ լայն ար­ձա­գանգ գտաւ մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քին մօտ։ Այս­պէս, վճռա­բեկ դա­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ո­րո­շե­ցին կա­սեց­նել երկ­րի ընտ­րուած ա­ռա­ջին նա­խա­գա­հին՝ Մու­համ­մէտ Մուր­սիի դէմ ար­ձա­կուած դա­տավ­ճի­ռը։ Հարկ է յի­շեց­նել, որ 2013 թուա­կա­նին Մուր­սի գա­հըն­կէց ե­ղած էր Ե­գիպ­տո­սի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած զի­նեալ յե­ղաշր­ջու­մով մը։ Բարձ­րա­գոյն դա­տա­րա­նը ո­րո­շեց, որ­պէս­զի վերս­տին հար­ցաքն­նու­թեան ձեռ­նար­կուի այն գոր­ծին շուրջ, ո­րու հե­տե­ւան­քով Մուր­սի դա­տա­պար­տուած էր մա­հա­պա­տի­ժի։

Հի­մա այս ա­ռու­մով պի­տի սկսի նոր գոր­ծըն­թա­ց մը, մինչ Մու­համ­մէտ Մուր­սի դա­տա­պար­տուած է նաեւ 85 տա­րուան ա­զա­տազրկ­ման։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2016