ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք Վալ­թէր Շթայն­մա­յէր ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ան­գա­րա­յի մէջ, ուր օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Իր շփում­նե­րը զու­գա­դի­պե­ցան այն­պի­սի շրջա­նի մը, երբ Թուր­քիոյ եւ Եւ­րո­միու­թեան մի­ջեւ ան­նա­խըն­թա­ցօ­րէն խո­րա­ցած է ան­հա­ղորդ կա­ցու­թիւ­նը, որ կը հաս­նի լա­րուա­ծու­թեան սահ­ման­նե­րուն։ Եւ­րո­միու­թեան յանձ­նա­ժո­ղո­վը վեր­ջերս հրա­պա­րա­կեց Թուր­քիոյ վե­րա­բե­րեալ տա­րե­կան Զար­գաց­ման զե­կոյ­ցը, ո­րու բո­վան­դա­կու­թիւ­նը կը հա­մա­րուի ա­մե­նա­խիս­տը՝ քննա­դա­տու­թիւն­նե­րուն ա­ռու­մով։ Իսկ Ան­գա­րա ազ­դան­շան­ներ կու տայ, որ հետզ­հե­տէ վերջ­նագ­րա­յին ո­ճով խօ­սիլ պի­տի սկսի Պրիւք­սե­լի մէջ՝ իր լիի­րաւ ան­դա­մակ­ցու­թեան հե­ռան­կա­րին շուրջ։ Թուր­քիոյ մէջ նոյ­նիսկ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրուած է վար­կած մը, որ կը նա­խա­տե­սէ մին­չեւ տա­րե­վերջ համ­բե­րել եւ ա­ւե­լի վերջ Եւ­րո­միու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թեան խնդի­րը դնել հան­րա­քուէի։

Ա­հա այս­պի­սի մթնո­լոր­տի մը մէջ Շթայն­մա­յէր ե­րէկ Ան­գա­րա­յի մէջ ի­րե­րա­յա­ջորդ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի, Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուի, այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուի հետ։

Երբ Շթայն­մա­յէր կը գտնուէր Ան­գա­րա­յի մէջ, Եւ­րո­միու­թեան գծով նա­խա­րար Էօ­մէր Չե­լիքն ալ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Պրիւք­սե­լի մէջ։ Ան տե­սակ­ցե­ցաւ Եւ­րո­խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Մար­թին Շուլ­ցի եւ ԵՄ-ի ար­տա­քին ու անվը-տան­գու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան գե­րա­գոյն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ու Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նիի հետ։

Բո­լոր հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին թրքա­կան կող­մը շեշ­տեց, որ Եւ­րո­միու­թեան ար­հա­մար­հա­կան վե­րա­բեր­մուն­քը այ­լեւս հա­սած է զզուանք պատ­ճա­ռե­լու աս­տի­ճա­նի։

Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուի եւ Ֆրանք Վալ­թէր Շթայն­մա­յէ­րի հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ հայ­կա­կան հար­ցին։

Ըստ Deutsche Welle-ի հա­ղոր­դում­նե­րուն, Պուն­տես­թա­կի կող­մէ բա­նա­ձե­ւի մը ըն­դու­նու­մով հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման խնդրին լոյ­սին տակ Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու յայտ­նեց, որ այդ բա­նա­ձե­ւը դա­տա­պար­տե­լի է։ Նա­խա­րա­րը յոյս յայտ­նեց, թէ Թուր­քիա-Գեր­մա­նիա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­մե­նա­կարճ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին պի­տի վե­րա­դառ­նան ի­րենց նախ­կին վի­ճա­կը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2016