ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒՄ
Սղերդի եւ Թունճելիի մէջ այսօր առաւօտեան ժամերուն ձերբակալուեցան քաղաքապետները։ Այդ երկու քաղաքներու հանրապետական աւագ դատախազութիւններուն կողմէ քաղաքապետարաններէն ներս կատարուեցան գործողութիւններ առաւօտեան կանուխ ժամերուն։ Անվտանգութեան տնօրէնութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բաժանմունքի ոստիկանները քաղաքապետարանէն ներս կատարուած լայնածաւալ խուզարկումներուն զուգահեռ՝ իր բնակարանին մէջ ձերբակալեցին Սղերդի քաղաքապետ Թունճէր Պաքըրհանը (ՏՊՓ)։
Թունճելիի մէջ ալ ձերբակալուեցան համաքաղաքապետները՝ Մեհմէտ Ալի Պուլ եւ Նուրհայաթ Ալթուն, որոնք կը պատկանին նոյն կուսակցութեան։
CNN-ի հաղորդումներով, Թունճելիի մէջ ձերբակալուեցաւ նաեւ ԷՄԷՓ կուսակցութեան նահանգային մասնաճիւղի ղեկավար Մուսթաֆա Թաշքալէ։