ԻՇԻՊ-Ի ԴԷՄ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՔԱՆԻ ՄԸ ԱՄԻՍԷՆ ՊԻՏԻ ՎԵՐՋԱՆԱՅ

Սուրիոյ գծով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ճեֆրի յայտարարեց, որ ԻՇԻՊ («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը) քանի մը ամսուան ընթացքին պիտի սպառի։ Ճէյմս Ճեֆրի նշեց, որ ամերիկացի զինուորները Սուրիոյ մէջ մնալ պիտի շարունակեն՝ մինչեւ որ ԻՇԻՊ-ի վերջին դիրքերը ձեռք անցընեն։ Իր խօսքով՝ Սուրիայէ ներս ԻՇԻՊ-ի դէմ ձեռնարկուած պատերազմը քանի մը ամսուան ընթացքին պիտի հասնի իր աւարտին։

ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս տարածքաշրջանի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ ընդհանուր արժեւորումով մը հանդէս եկաւ Ճէյմս Ճեֆրի, որ կանգ առաւ ԻՇԻՊ-ի կրած պարտութեան մշտական բնոյթը ապահովելու հարցին վրայ։ Ըստ իրեն, սա կ՚ենթադրէ նաեւ կանխել՝ ԻՇԻՊ-ի քնացած բջիջներու վերադարձը եւ վերակենդանացումը որպէս ըմբոստ միաւորում մը։

Ճէյմս Ճեֆրի յայտնեց, որ ԱՄՆ-ի կողմէ խրախուսուած ԵՓԿ-ն կը կազմէ ողնայարը Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու, որ Տէր Զօրի շրջանէն ներս պատերազմ կը մղէ ԻՇԻՊ-ի դէմ։ Միջանկեալ նշենք, որ Թուրքիա ԵՓԿ-ն կը համարէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն՝ որպէս ՓՔՔ-ի Սուրիոյ շառաւիղը եւ վաղուց անհանգստութիւն կ՚արտայայտէ ԱՄՆ-ի անոր հետ ծաւալած համագործակցութեան բերումով։

Ճէյմս Ճեֆրի մատնանշեց, որ Սուրիայէ ներս մինչեւ տարեվերջ պէտք է ստեղծուի այն յանձնաժողովը, որ պիտի մշակէ երկրի նոր Սահմանադրութիւնը։ Այս ուղղութեամբ համաձայնութիւն մը գոյացած էր մօտաւոր անցեալին Իսթանպուլի մէջ՝ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ մասնակցութեամբ կազմակերպուած քառակողմանի գագաթաժողովի ընթացքին։ Ճէյմս Ճեֆրի համոզուած է, որ Իսթանպուլի մէջ առնուած այդ որոշումը պէտք է գործադրուի։

Բաց աստի, Ճեֆրի մասնակցութիւն բերաւ «Defense One» զանգուածային լրատուութեան հիմնարկութեան՝ պաշտպանութեան բնագաւառի վերաբերեալ տարեկան գագաթաժողովին։ Այս առթիւ ան ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին մատնանշեց, թէ իր երկիրը կը համագործակցի ՓԵՏ-ի հետ, այս վերջինը ՓՔՔ-ի Սուրիոյ շառաւիղն է, սակայն ԱՄՆ ՓԵՏ-ն չի համարեր ահաբեկչական կազմակերպութիւն։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 16, 2018