ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԽԻՒԻՆ ՀԱՄԱՐ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐՈՒ

Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Վարշավիոյ պատմական աքտերու կեդրոնական արխիւի տնօրէն Վայս Հուպերթը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հուպերթ Հայաստանի Ազգային արխիւին փոխանցեց հայ-լեհական առընչութիւններուն վերաբերեալ տասն անուն ձեռագիր արխիւային փաստաթուղթերու պատճէններ՝ հայերէն, լեհերէն եւ լատիներէն լեզուներով։

Վիրաբեան այս առթիւ նշեց, որ այսպէսով սկիզբ կը դրուի Հայաստանի եւ Լեհաստանի միջեւ արխիւային լայն համագործակցութեան։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 16, 2018