ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԲԸՄ-Ի ՄԻՋԵՒ ՅՈՒՇԱԳԻՐ ՄԸ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԵՑԱՒ

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայկական համացանցային համալսարանի միջեւ վերջերս ստորագրուեցաւ փոխըմբռնման յուշագիր մը։ Այսպէսով պաշտօնապէս հաստատուեցաւ նախարարութեան եւ այս համալսարանին միջեւ ձեւաւորուած երկարատեւ համագործակցութիւնը, որ միտուած է սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման։ Ստորագրուած յուշագիրը կը նախատեսէ համալսարանի կողմէ աջակցութիւն ցուցաբերուիլը նախարարութեան երիտասարդական, հայրենաճանաչման եւ այլ բնոյթի ծրագիրներու շրջանակներէն ներս կրթական ձեռնարկներու իրականացման։ Հայկական համացանցային համալսարանը նաեւ հայոց լեզուի, պատմութեան ու մշակոյթի դասընթացքներ պիտի տրամադրէ նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած զանազան ծրագիրներու մասնակիցներուն։

Յուշագիրը հանդիսաւոր արարողութիւնով մը ստորագրուեցաւ նախարար Մխիթար Հայրապետեանի եւ ՀԲԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Երուանդ Զօրեանի կողմէ, որ միեւնոյն ժամանակ հիմնադիրն է Հայկական համացանցային համալսարանին։ Ներկայ էին նաեւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Վազգէն Եագուպեան, Հայաստանի մասնաճիւղէն բարձրաստիճան պատասխանատուներ եւ նախարարութեան պատկան պաշտօնատարներ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 16, 2018