ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ յառաջիկային պէտք է կազմակերպել միջազգային ամենաբարձր չափանիշներուն համապատասխան ընտրութիւններ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի կառավարութեան երէկուան ժողովին ընթացքին անդրադարձաւ յառաջիկայ 9 դեկտեմբերին նախատեսուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ Այս առթիւ ան ըսաւ. «Մենք ըստ էութեան լիարժէք թեւակոխած ենք նախընտրական փուլ, աւարտած է արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան դիմում ներկայացնելու ժամկէտը եւ ընտրութիւններու կազմակերպման քաղաքական պատասխանատուութիւնը կը կրէ մեր կառավարութիւնը։ Մենք խնդիր դրած ենք կատարել երրորդ Հանրապետութեան պատմութեան ամենաորակեալ եւ լաւագոյն ընտրութիւնները։ Կը կարծեմ՝ այս նշաձողը պէտք է բարձրացնել. ո՛չ թէ երրորդ Հանրապետութեան լաւագոյն ընտրութիւնը պէտք է կատարենք, այլեւ՝ պէտք է կատարենք միջազգային ամենաբարձր չափանիշներուն համապատախան ընտրութիւններ»։

Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեան երէկ այցելեց «Մերկերեան» գորգերու ընկերութեան թանգարանը, ուր ծանօթացաւ գորգագործական աշխատանքներուն եւ զարգացման ծրագրերուն։ Նոյն թանգարանի ուրոյն մթնոլորտին մէջ Փաշինեան մասնակցեցաւ յատկանշական հաւաքոյթի մը։ Այսպէս, ան ընթրեց Հարվըրտի համալսարանի հայ շրջանաւարտներուն հետ։ Ընթրիքի սեղանի շուրջ Փաշինեան բարձր գնահատեց անոնց ստացած ուսումը ու նշեց, որ շահագրգռուած է պետական կառավարման համակարգէ ներս զանոնք ներգրաւելով։ Փաշինեան համոզուած է, թէ անոնց գիտելիքներն ու կարողութիւնները կրնան նպաստել պետական կառավարման համակարգի զարգացման ու արդիականացման։ Ճաշասեղանի զրոյցի տեւողութեան քննարկուեցան նաեւ Հայաստանի զարգացման հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ զանազան հարցեր։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 16, 2018