ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանէն ներս վերջերս հանդիսաւորապէս նշուեցաւ 63-րդ հիմնադրութեան տարեդարձը։ Այս առթիւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ «Ստեփան Փիլիպպոսեան» աշակերտական կեդրոնի երդիքին տակ։ Որպէս հիւր ատենախօս տարեդարձի օրուայ հաւաքոյթի մասնակիցներուն խօսք ուղղեց Լիբանանի Կարմիր խաչի նախագահ Տքթ. Անթուան Զողպի։ Ի յիշատակ տարեդարձի օրուան իր մասնակցութեան ու ելոյթին՝ համալսարանի նախագահ վերապատուելի Տքթ. Փոլ Հայտոսթեան յուշանուէր մը յանձնեց Զողպիին։

Ելոյթներէն վերջ գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 16, 2018