ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ՎՃԻՌԸ ԲԵԿԱՆՈՒԱԾ

Հայաստանի Հանրապետութեան Վճռաբեկ ատեանը բեկանեց երկրի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի բանտարկութիւնը ջնջող՝ նախապէս կայացուած դատավճիռը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այդ դատավճիռը վերաքննութեան համար Վճռաբեկ ատեանին կողմէ վերադարձուած է Վերաքննիչ դատարան։

Ինչպէս ծանօթ է, 1 մարտ 2008-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած արիւնալի դէպքերու վերաբերեալ հետաքննութիւնը վերսկսած էր՝ Հայաստանի վերջին իշխանափոխութեան զուգահեռ։ Այդ ամբողջին մէջ Ռոպերթ Քոչարեան միջոց մը բանտարկուած էր եւ աւելի վերջ դուրս եկած էր բանտէն դատական որոշումով, մինչ այդ թղթածրարի վերաբերեալ քննութիւնները կը շարունակուին աղմկալի ձեւով։

 

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 16, 2018