ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի աջակցութեամբ սկսած են Օշականի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ «Փառք հայ գրի եւ դպրութեան» որմնանկարի վերականգնման աշխատանքները։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արագածոտնի թեմը վերականգնման աջակցելու խնդրանքով դիմում ներկայացուցած էր նախագահ Արմէն Սարգսեանին։ 20-րդ դարու հայկական արուեստի լաւագոյն ստեղծագործութիւններէն մին կը համարուի եռապատկեր յօրինուածքով այս որմնանկարը, որ ստեղծագործուած է 1964-1966 թուականներուն, նկարիչներ Յովհաննէս Մինասեանի եւ Հենրիկ Մամեանի կողմէ։ Խոնաւութեան հետեւանքով որմնանկարը զգալի վնասներ կրած է։ Ուսումնասիրութիւններու արդիւնքով պարզուած է, որ կան հատուածներ, որոնց ներկայ շերտը փոշիացած է եւ թափուած, փոշիի շերտերը խամրեցուցած են որմնանկարներու գոյները։

Վերականգնման աշխատանքները կ՚իրականացուին Որմնանկարներու վերականգնման գիտահետազօտական կեդրոնին կողմէ, որու գլուխը կը գտնուի Արժանիք Յովհաննիսեան։ «Որմնանկարը հիմնականին մէջ վնասուած է ներթափանցած անձրեւաջուրերուն հետեւանքով։ Անոնք քայքայած են որմնանկարի վերին շերտը։ Մենք առաջին փուլով կը կատարենք ներկի շերտի նախնական մաքրումները, այնուհետեւ՝ անոր ամրակայումը պիտի իրականացնենք եւ յետոյ դարձեալ պիտի անդրադառնանք ներկի շերտի մաքրման աշխատանքներուն», ըսաւ այս առթիւ Արժանիք Յովհաննիսեան՝ կարեւորելով որմնանկարի պահպանութիւնը, որովհետեւ սա եզակի է եւ արժէքաւոր։

Օշականի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Վիգէն Քհնյ. Մանուկեանի խօսքով՝ որմնանկարը անգերազանցելի գանձ մըն է եւ զայն պէտք է ապագայ սերունդներուն յանձնել իր ողջ գեղեցկութիւնով։ «Որմնանկարի պահպանութիւնը եւ ապագայ սերունդներու փոխանցելու պատասխանատուութիւնը օրհասական կը դառնար, որովհետեւ այդ մէկը օրէ օր կը կորսնցնէր իր գեղեցկութիւնը։ Մեր բարձրաձայնած խնդրին արձագանգեց նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ յանձնառութիւն ցուցաբերեց օգնել պահպանելու համար այս գոհարը», ըսաւ տէր հայրը։

Որմնանկարի հեղինակներու ժառանգները՝ Մարթին Մինասեան եւ Լուսին Մամեան նշեցին, որ մեծ ոգեւորութեամբ կը հետեւին ձեռնարկուած աշխատանքներուն։ «Երախտապարտ ենք նախագահ Արմէն Սարգսեանին, խումբին, մասնագէտներուն։ Հրաշք մըն է, որ աշխատանքները արդէն սկսած են», ըսաւ Մարթին Մինասեան։ Իր կարգին, Հենրիկ Մամեանի դուստրն ալ ըսաւ հետեւեալը. «Մեր ծնողները նուիրումով, սիրով կատարած են այս աշխատանքը։ Ներկայիս հրաշալի գործ մը կը կատարուի եւ հանրապետութեան  նախագահի բարձր կամքով կը վերականգնուի որմնանկարը, որ լաւագոյններէն մին է»։

Օշականի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցին կառուցուած է 19-րդ դարուն՝ Մեսրոպ Մաշտոցի դամբարանին վրայ։ «Փառք հայ գրի եւ դպրութեան» որմնանկարը համահունչ է հայկական մանրանկարչութեան, միջնադարեան քանդակագործութեան ու որմնանկարչութեան աւանդութիւններուն։ Արեւմտեան պատի որմնանկարին պատկերուած է Մեսրոպ Մաշտոցը՝ նորաստեղծ այբուբենը ձեռքին։ Որմնանկարը կամարակապ լուսամուտով կը բաժանուի երկու մասի՝ ձախ կողմին Մեսրոպ Մաշտոցն է՝ շրջապատուած աշակերտներով, իսկ աջ կողմին՝ հայրապետական գահուն բազմած Սահակ Պարթեւը, կողքին կանգնած են Վռամշապուհ թագաւորը եւ թագուհին, Վահան Ամատունի իշխանը եւ նախարարները, անոնց վերեւին Արարատի ձիւնազարդ գագաթն է եւ Հռիփսիմէի տաճարը։ Լուսամուտի բացուածքի ապակիին վրայ գրուած է հայոց այբուբենը։

Վերականգնման աշխատանքներու շրջանակէն ներս պիտի տեղադրուի նաեւ լուսաւորութեան համակարգ՝ որմնանկարի ամբողջական տեսանելիութիւնը ապահովելու համար։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 16, 2019