ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ

Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն՝ ի յիշատակ Արցախի լայնածաւալ պատերազմի զոհերուն։ 44 օր տեւած պատերազմի ընթացքին նահատակուած զինուորները այսպէսով ոգեկոչուեցան բիւր յարգանքով։ Ազատութեան հրապարակէն վերջ մոմավառութեան մասնակիցները բարձրացան Մատենադարանի բարձունքը։ Այնտեղ առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ նահատակներուն համար՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արխիւի եւ թանգարաններու տնօրէն Տ. Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեանի կողմէ։ Հուսկ, մոմավառութեան մասնակիցները Մատենադարանի բարձունքի աստիճաններուն վրայ թողեցին իրենց մոմերը՝ մաղթելով, որ Բարձրեալն Աստուած լուսաւորէ բոլոր նահատակներու հոգիները։ Երէկ ալ այս մոմավառութենէն վերջ, նահատակներուն համար սուգ պահուեցաւ։

Այս բոլորով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, Երեւանի մէջ շաբաթավերջին կանգ առին բողոքի հանրահաւաքները։ Արցախի պատերազմի ծանր հետեւանքները արդէն Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքէն ներս շատ բարդ կացութիւն մը ստեղծած են։ Հասարակութեան վստահութիւնը էապէս ջնջուած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւններուն նկատմամբ։ Ընդդիմադիր կուսակցութիւններն ալ կը պահանջեն վարչապետի հրաժարականը։ Ամէնուրեք քննադատութիւններ կը բարձրաձայնուին, թէ երկիրը աղէտի  հասցուցած քաղաքական իշխանութիւնը իրաւական գնահատականի մը չ՚արժանանար եւ ենթակայագիր ստորագրածները կը դատեն իրենց կեանքը զոհասեղանին դրած մարդիկ։ Իշխանութիւններն ալ բաւական արմատական քայլերու կը դիմեն ընդդիմութիւնը զսպելու համար։ Կը հաղորդուի, որ ընդդիմադիրներու դէմ շինծու մեղադրանքներով քրէական գործեր կը յարուցուին։ Յաճախ հսկողութեան տակ կ՚առնուին ընդդիմադիր յառաջատար գործիչներ եւ ազատ կ՚արձակուին։ Այս ամբողջ թոհուբոհին մէջ շրջանառութեան մէջ մտած են նաեւ զանազան պնդումներ, ըստ որոնց կանխուած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ մահափորձ մը։

Շաբաթավերջի այս իրադարձութիւններէն վերջ, ներկայ շաբաթն ալ սկսաւ զգայացունց իրադարձութիւնով մը։ Նիկոլ Փաշինեան ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ գրառումով մը, որ պատերազմի օրերու հերոսութիւնները գնահատելու առընթեր կը բովանդակէր ընդդիմութեան եւ ընդհանրապէս հանրութեան պոռթկումին դէմ սպառնալիքներ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Փաշինեանի այդ գրառումէն վերջ, նոյնիսկ իր «Իմ քայլը» քաղաքական ուժի խորհրդարանական խմբակցութենէն դուրս գալ որոշած են զանազան երեսփոխաններ։

Յառաջիկայ օրերը Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին տեսակէտէ պիտի շարունակեն մնալ նախախնամական։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ հանդէս եկաւ զգուշացումով մը, թէ պէտք չէ թոյլ տալ, որ բանավէճերը, զայրոյթը եւ ներքին պոռթկումները վերածուին մեքանիք քայլերու։ Արմէն Սարգսեան, որ անցեալ շաբթուան տեւողութեան քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու, մտաւորականութեան ներկայացուցիչներու հետ շարք մը խորհրդակցութիւններ իրականացուց, շաբաթավերջին ալ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի եւ Ամերիկայի հայկական համագումարի Հոգաբարձուներու խորհուրդի համանախագահ Վան Գրիգորեանի հետ։ Քննարկուեցաւ Հայաստանէ ներս ստեղծուած իրավիճակը։ Վան Գրիգորեան խոր մտահոգութիւն յայտնեց հրադադարի համաձայնագրին եւ անոր դրոյթներուն վերաբերեալ։ Արմէն Սարգսեան եւ Պերճ Սեդրակեան համակարծիք գտնուեցան, թէ պէտք է պահպանել Հայաստանի կայունութիւնը եւ ազգային միասնականութիւնը, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ յաղթահարել դժուարութիւնները։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2020