ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԸՆՏՐԱՆԻՆ ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՏՕՆԵՑ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԴԷՄ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան Թիֆլիզի մէջ հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի ազգային հաւաքականին կողմէ։ 2-1 արդիւնքով հայկական ընտրանին յաղթանակ տօնեց հիւրընկալ խումբին դիմաց։

ՈՒԷՖԱ-ի Ազգերու լիկի C խմբաւորման երկրորդ ենթախումբի մրցումներու ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։ Շուրջ երկու շաբաթ առաջ ալ Հայաստանի եւ Վրաստանի հաւաքականները ունեցած էին ուրիշ հանդիպում մը, որ աւարտած էր հաւասարութեամբ։ Այդ առաջին մրցումը Երեւանի մէջ պէտք է տեղի ունենար, սակայն պատերազմի հետեւանքով երկու խումբերը հանդիպեցան արտասահմանի մէջ։ Իսկ երէկ հիւրընկալելու հերթը Վրաստանինն էր եւ խաղը նախատեսուածին նման տեղի ունեցաւ Թիֆլիզի մէջ։

Հայկական ընտրանին մրցման ողջ տեւողութեան ցուցադրեց նպատակասլաց խաղարկութիւն մը։ Խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան այս անգամ հայկական հաւաքականի կազմին մէջ չէր։ Խաղի 33-րդ վայրկեանին առաջին կոլը արձանագրեց Գէորգ Ղազարեան, 65-րդ վայրկեանին հիւրընկալ խումբը հաշիւը հաւասարեցուց՝ Վալերի Քազաիշվիլիի կոլով։ Իսկ 86-րդ վայրկեանին Սարգիս Ադամեան արձանագրեց Հայաստանի երկրորդ կոլը, ինչ որ բնորոշեց նաեւ խաղին արդիւնքը։

Հայկական ընտրանիին ապահոված այս յաղթանակը սոյն ենթախումբի ընդհանուր պատկերին տեսակէտէ եղաւ բախտորոշ։ Ներկայիս ենթախումբի առաջատարն է Հիւսիսային Մակեդոնիան, որ ունի 9 միաւոր։ Երկրորդ հորիզոնականի վրայ է Հայաստան՝ 8 միաւորով։ Կը յաջորդեն, Վրաստան (6 միաւոր) եւ Էսթոնիա (2 միաւոր)։

Երկու օր վերջ՝ այս չորեքշաբթի, 18 նոյեմբերին Երեւանի մէջ նախատեսուած է Հայաստան-Հիւսիսային Մակեդոնիա խաղը։ Հայկական ընտրանին եթէ կարողանայ սեփական յարկի տակ յաղթանակ տանիլ Հիւսիսային Մակեդոնիայի դիմաց, ապա պիտի դառնայ իր ենթախումբի յառաջատարը ու այս մրցաշարքին մէջ պիտի շարունակէ իր երթը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2020