ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ

Յարգարժան Պր․ Գօչունեան,

Նախ սրտանց կը շնորհաւորեմ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 113-ամեակը։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ը եղաւ դարաշրջանի մը բազկերակը։ Արձագանգեց դարաւոր շունչի մը առկայութիւնը։ Հոն, Հայոց, յատկապէս Արեւմտահայութեան անարատ պատկերը արտացոլաց վերջին դարամեակին։ Պատմութիւնը հարազատ ձեւով պատկերացուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերէն, որը կը շարունակուի ցայսօր Ձեր  ճիգերով։

Սրտանց պռաւօ՛։

Կը շնորհաւորեմ Ձեզ, որ անխոնջ յաջորդը եղաք այդ անխախտ հաւատամքին։

Աւելի աւիւն կը մաղթեմ ձեր կամքի ուժին։ 

Ասկէ զատ, խնդրեմ ձեր պանքի տեղեկատուութիւնը ղրկեցէք։

Ձերդ յարգանօք՝
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Նիւ Եորք

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2020