ԿՈՐԾԱՆՈ՞ՒՄ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի՝ երկար ժամանակէ ի վեր անհանգիստ իրավիճակը վերջին օրերուն տագնապալի համեմատութիւններու հասած է։ Կը հաղորդուի, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը, որոնք անցեալ 12 մայիսէն ի վեր արդէն խախտած են Հայաստանի սահմանները, կը յառաջանան երկրի տարածքէն ներս։ Պաշտօնական աղբիւրները շաբաթավերջին հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի բանակը նոյեմբերի 14-ի կէսօրուան ժամերուն փորձած է դիրքային յառաջխաղացում ապահովել Հայաստանի սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ։ Հայկական զօրքերը կանխած են այդ փորձերը՝ դիրքաւորուելով տարածքէն ներս։ Յառաջացած լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուցած էր, որ Ռուսաստանի միջամտութեամբ սկսած են բանակցութիւններ՝ իրադրութեան հանգուցալուծման ուղղութեամբ։ Հայկական կողմէն տուժածներ չեն եղած։ Ատրպէյճանի զօրքերը շաբաթավերջին ուրիշ ուղղութիւններով ալ կրակ բացած են հայկական դիրքերու վրայ։ Փոխհրաձգութեան վերաբերեալ այս լուրերէն աւելի վերջ նախարարութիւնը հաղորդեց, որ սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ իրադրութիւնը կայունացած է յարաբերաբար, կրակոցներ չկան։ Նախարարութիւնը հերքած էր այն լուրերը, թէ Ատրպէյճանի բանակի զրահապատ սարքաւորումները մուտք գործած են Հայաստանի տարածք։ Աւելի վերջ, սակայն, պարզուեցաւ, որ անոնք թէեւ Հայաստանի տարածք մուտք գործած են, իսկ յետոյ, դուրս եկած։ Այդ հանգամանքը հաստատուեցաւ նաեւ երէկ տեղի ունեցած Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի ժողովէն վերջ կատարուած յայտարարութեան մէջ։ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն հետեւանքով Հայաստանի զինեալ ուժերու չորս մարտական դիրքեր շրջափակման մէջ յայտնուած են։ Այս բոլորը զուգորդուած են Գորիս-Կապան, Գորիս-Ճակատեն ճանապարհներուն վրայ Ատրպէյճանի կողմէ հաստատուած հսկողութեան կէտերով։ Անվտանգութեան խորհուրդը տեղեկացուցած է, որ հայկական ուժերը դուրս բերուած են վերոյիշեալ չորս մարտական դիրքերէ։ Նշեալ հատուածներէն ներս կը շարունակեն մնալ Ատրպէյճանի զօրքերը։

Այս յայտարարութեան զուգահեռ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անակնկալօրէն փոխեց երկրի պաշտպանութեան նախարարը։ Արշակ Կարապետեան փոխարինուեցաւ Սուրէն Պապիկեանի կողմէ, որ փոխ-վարչապետ էր։

Սիւնիքի մարզի այս իրադարձութիւններուն շուրջ նոր ահազանգով հանդէս եկաւ Հայաստանի ընդդիմութիւնը, որ, սակայն, խորհրդարանէն ներս արտահերթ հրատապ ժողովի մը գումարուիլը չկրցաւ ապահովել։

Ստեղծուած իրավիճակը, առանց չափազանցութեան, կործանումի վտանգ կը համարուի Հայաստանի տեսակէտէ։ Վերջին դէպքերը լայն արձագանգ ունեցած են նաեւ միջազգային գետնի վրայ։ Մինչ Անգարա եւ Մոսկուա բոլոր մակարդակներու վրայ անմիջական կապի մէջ կը գտնուին, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն ունեցան հեռախօսազրոյց մը՝ քննարկելով տարածաշրջանի իրավիճակը։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներն ալ հանդէս եկան յայտարարութիւնով մը՝ մտահոգութիւն յայտնելով վերջին դէպքին շուրջ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2021