ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿ

Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան
Պատրիարք Պոլսոյ Հայոց
Թուրքիա

Պատրիարք Հայր,

Ցաւով իմացանք անժամանակ մահը մեր բոլորին կողմէ սիրելի Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի։ Անժամանակ՝որովհետեւ հայր սուրբը տակաւին շատ գործ ունէր կատարելիք Քրիստոսի եւ Հայ եկեղեցիին առաքելութեանը մէջ։

Եթէ ճանչցած էի Հայր Թաթուլը մէկ կողմէ Հայ եկեղեցիի մէջ ստանձնած իր բազմաթիւ պարտականութիւններուն մէջէն՝ բայց նոյնքան նաեւ Աստուածաշունչի ընկերութեան իր մատուցած անսակարկ եւ նուրիական ծառայութեամբ։ Աստուածաշունչին եւ անոր պատգամին քաջ գիտակցած կղերական մըն էր՝ երբ ան իր համակ կեանքը նուիրեց Քրիստոսի Խօսքին համար։ Ծառայեց հայ ժողովուրդին, հայ եկեղեցիին, պոլսահայ ու թրքահայ իրականութիւններուն եւ տուաւ իր բոլոր կարելին իր համայնքի բարօրութեան համար։

Հայր Թաթուլը մեկնեցաւ եւ անժամանակ։ Բայց ան արժանացաւ Քրիստոսի Պարգեւին։ «Ապրիս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ»։ Եւ այս պարգեւի մէջէն՝ ան մտաւ իր շատ սիրած ու պաշտած՝ «Տիրոջ ուրախութեանը մէջ»։

Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան խնամակալ մարմնի անունով եւ անձնապէս՝ ընդունեցէք մեր խորին ցաւակցութիւնները ձեզի՝ Պատրիարք Հայր, ինչպէս նաեւ Հայր Թաթուլի ընտանեկան պարագաներուն, Պատրիարքութեան բոլոր միաբաններուն եւ պոլսահայ ու թրքահայ գաղութին։ Սուրբ Հոգիին մխիթարութեանը կը հայցենք։

Ցաւակցօրէն եւ աղօթքով՝

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ՝ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ

Նոյեմբեր 16, 2021

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2021