ՓՈՒԹԻՆ-ՇՈԼՑ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, ինչ որ լայն արձագանգ գտաւ միջազգային լրահոսին մէջ։ Մոսկուա-Պերլին առանցքին վրայ երկու տարուան ընդհատումէ մը վերջ առաջին անգամ տեղի ունեցաւ այսպիսի շփում մը։

Քրեմլինի աղբիւրներու հաղորդումներով, Փութին յայտնեց, որ Ուքրայնայի վերաբերեալ հաւանական պայմանաւորուածութիւնները պէտք է հիմնուած ըլլան նոր տարածքային իրողութիւններու հիման վրայ ու վերանան հակամարտութեան բուն պատճառները։ Ան յիշեցուց, որ առկայ ճգնաժամը ՆԱԹՕ-ի երկար տարիներու ակրեսիւ քաղաքականութեան ուղղակի հետեւանքն է։ Ռուսաստան երբեք չէ հրաժարած Ուքրայնայի կողմէ ընդհատուած բանակցութիւնները վերսկսելէ ու կը շարունակէ այս ուղղութեամբ բաց մնալ։ Փութին յիշեցուց, որ իր երկիրը միշտ կատարած է պայմանագրային պարտաւորութիւնները ուժանիւթի ոլորտէն ներս ու պատրաստ է փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան, եթէ Գերմանիայէն հետաքրքրութիւն ըլլայ այս ուղղութեամբ։

Իր կարգին, Օլաֆ Շոլց նշած է, որ Գերմանիա պիտի շարունակէ Ուքրայնային օգնել այնքան ժամանակ, որքան որ անհրաժեշտ է։ Գերմանական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին երկու ղեկավարները կարծիքներ փոխանակեցին Ուքրայնայի առկայ իրավիճակին շուրջ։ Ռուս-գերմանական յարաբերութիւններու կացութեան անդրադառնալու առընթեր, Փութին եւ Շոլց կանգ առին նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի առկայ կացութեան վրայ։ Անոնք համաձայնեցան, որպէսզի այս զրոյցէն վերջ իրենց օգնականները կապի մէջ ըլլան։

Մինչ Շոլց Փութինի նկատառման յայձնած է, որ կը պախարակէ պատերազմը, միջազգային աղբիւրներն ալ կը տեղեկացնեն, որ Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելեսքի գոհ չէ այս շփումէն։ Ան նշած է, որ այս փուլին Փութին ըսելիք ոչինչ ունի՝ որպէս նորութիւն։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան արդիւնքը արդէն միջազգային բեմահարթակի վրայ նոր աշխուժութեան մը պատճառ դարձած է։ Վերընտրեալ նախագահ Տանըլտ Թրամփի Սպիտակ տուն վերադառնալու հանգամանքը պատճառ կը դառնայ, որպէսզի միջազգային հրատապ խնդիրներու գլխաւոր դերակատարները այժմէն որոշ երանգաւորումներ մտցնեն իրենց ընթացքին մէջ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 16, 2024