ԴԱՏԵՐՈՒ ՄԻԱՑՈՒՄ

«Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քի դէմ գործուած մա­հա­փոր­ձին դա­տա­վա­րու­թեան շրջագ­ծով պատ­րաս­տուած եր­կու թղթած­րար­նե­րը միա­ցուե­ցան։ Իս­թան­պու­լի 14-րդ Ծանր պատ­ժա­կան ա­տեա­նը ո­րո­շեց Իս­թան­պու­լի 5-րդ ծանր պատ­ժա­կան ա­տեա­նին կող­մէ յա­ռաջ տա­րուած դա­տը միաց­նել բուն դա­տա­վա­րու­թեան։ Դա­տա­կազ­մը ո­րո­շեց ըն­կա­լել այդ ամ­բաս­տա­նա­գի­րը եւ այս­պէ­սով միա­ցուե­ցան եր­կու թղթած­րար­նե­րը, ո­րոնց երկ­րոր­դը կը վե­րա­բե­րի հան­րա­յին պաշ­տօ­նեա­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան բաժ­նին։

Բուն դա­տին միա­ցուած նոր ամ­բաս­տա­նա­գի­րը կ՚ընդգր­կէ քսանվեց մե­ղադ­րեալ­նե­րու ա­նու­նը, ո­րոնց կար­գին կը գտուին մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին կարեւոր առաքելութիւն ստանձնած շարք մը յայտ­նի պաշ­տօ­նա­տար­ներ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2015