ԻԶՄԻՐԻ ՄԷՋ ԹԱՂՄԱՆ ՏԽՈՒՐ ՕՐ

Սու­րիա­հայ Թէ­քէեան ըն­տա­նի­քի ող­բեր­գա­կան ճա­կա­տա­գի­րը ներ­կա­յիս խոր յու­զում կը պատ­ճա­ռէ հա­մայն հա­յու­թեան։ Ծա­նօթ է, որ Թէ­քէեան­նե­րը փոր­ձած էին հաս­նիլ Յու­նաս­տան եւ Ե­գէա­կա­նի մէջ ընկղ­մած էր ի­րենց լաս­տա­նա­ւը։ Ըն­տա­նի­քի ե­րի­տա­սարդ ան­դա­մու­հի­նե­րէն Ա­րի­նա Թէ­քէեան քա­նի մը ժամ լո­ղա­լով հա­սած էր Իզ­միր։ Ան­մի­ջա­պէս իր օգ­նու­թեան փու­թա­ցած էր հա­րա­զատ­նե­րէն Նա­յի­րի Պաթ­րու­նեան՝ Գեր­մա­նիա­յէն։ Ա­րի­նա Թէ­քէեան եւ Նա­յի­րի Պաթ­րու­նեան օ­րե­րէ ի վեր ըն­տա­նի­քի միւս ան­դամ­նե­րուն ճա­կա­տագ­րին մա­սին լու­րի մը կը սպա­սէին։ Դժբախ­տա­բար, լաս­տա­նա­ւի ընկղ­մե­լէն այս­քան օր անց հնա­րա­ւոր ե­ղած է հաս­նիլ միայն Ա­րի­նա Թէ­քէեա­նի հօր՝ Յով­հան­նէս Թէ­քէեա­նի դիա­կին։

«Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջի հա­ղոր­դում­նե­րով, Յով­հան­նէս Թէ­քէեա­նի մար­մի­նը այ­սօր կ՚ամ­փո­փուի Իզ­մի­րի Հայ կա­թո­ղի­կէից գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։ Թաղ­ման վե­րա­բե­րեալ կար­գադ­րու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուած են Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ։

Նա­ւա­բեկ­ման հե­տե­ւան­քով Ե­գէա­կա­նի մէջ կոր­սուած Թէ­քէեան ըն­տա­նի­քի միւս ան­դամ­նե­րուն մար­մի­նը գտնել ցայ­սօր կա­րե­լի չէ ե­ղած։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2015