ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ՄԷՋ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ
Տիարպաքըրի մէջ երէկ ապրուեցաւ ահաբեկչական յարձակում մը, որու հետեւանքով նահատակուեցաւ երեք անվտանգութեան պաշտօնեայ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Տիարպաքըր-Սիլվան ճանապարհին վրայ զրահապատ ոստիկանական մեքենայ մը թիրախը դարձաւ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան անդամներուն կողմէ զետեղուած ռումբին։ Օղուզլար գիւղի մօտակայքին պատահեցաւ դէպքը, որու հետեւանքով երեք ոստիկանի նահատակուելուն առընթեր վիրաւորուեցաւ երեք ոստիկան։ Տիարպաքըրի զանազան հիւանդանոցներուն մէջ վիրաւորեալ ոստիկանները առնուեցան թարմանման տակ։
Կը հաղորդուի, որ ահաբեկիչներուն ձերբակալման համար լայնածաւալ գործողութիւն սկսած է տարածքաշըր-ջանէն ներս։