ԱՍՏԱՆԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու շփումներ ունեցաւ Ղազախիստանի մէջ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, աւարտելով Պաքուի շփումները ան ուղեւորուեցաւ դէպի Աստանա, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրնկալուեցաւ Ղազախիստանի Նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի կողմէ։ Բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ուղիները, մասնաւորապէս՝ տնտեսական, բժշկական եւ առեւտուրի ոլորտներէն ներս։ Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցը նոյնպէս օրակարգի վրայ էր Աստանայի քննարկումներուն ընթացքին։ Նեթանիյահու եւ Նազարպայեւ կանգ առին նաեւ երկկողմանի ներդրումներուն վրայ։
Երկու երկիրներու միջեւ շարք մը պայմանագրեր ստորագրուեցան՝ մուտքի արտօնութիւններու ազատականացման, օդագնացութեան հաղորդակցութեան եւ այլ շարք մը հարցերու շուրջ։
Հարկ է նշել, որ Ղազախիստան կ՚անդամակցի Եւոասիոյ տնտեսական միութեան եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան։ Այս երկու կառոյցներուն մէջ այդ երկիրը Հայաստանի հետ գործընկեր է ու դաշնակից։ Իսկ Իսրայէլ, սերտ կապեր ունի Ատրպէյճանի հետ, որ այդ երկու կառոյցներուն ալ մաս չի կազմեր։