ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Փո­խադ­րու­թեան, կա­պի եւ տե­ղե­կա­տուու­թեան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու նա­խա­րար Վա­հան Մար­տի­րո­սեան վեր­ջերս շփում­ներ ու­նե­ցաւ Թիֆ­լի­զի մէջ, ուր տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Վրաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կիոր­կի Քվիրի­քաշ­վի­լիի հետ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, զրոյ­ցի ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան փո­խադ­րու­թեան, կա­պի եւ տե­ղե­կա­տուա­կան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու բնա­գա­ւա­ռէն ներս երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Բարձր գնա­հա­տե­լով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­մուր հիմ­քե­րը՝ կող­մե­րը ընդգ­ծե­ցին, որ եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րուած են ա­ռանձ­նա­յա­տուկ գոր­ծըն­կե­րա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ։

Տե­սակ­ցու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան եր­կու եր­կիր­նե­րու յի­շեալ բնա­գա­ւառ­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2016