ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՁԳՏԻ ՏԻՐԱՆԱԼ ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑԱՊԱՏԿԱՆ ԴԱՇՏԻՆ՝ ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ՄԷՋ

«Ե­ռա­գոյն» կայ­քէ­ջին վրայ կը կար­դանք.-

Իս­րա­յէ­լեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ո­րո­շած են բռնագ­րա­ւեալ Բեթ­ղե­հէ­մի հիւ­սիս-ա­րե­ւել­քը գտնուող եւ հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­կա­նող կա­նա­չա­պատ դաշ­տե­րը, ո­րոնք կ՚իյ­նան պա­ղես­տի­նեան Ո­ւա­լա­ճա գիւ­ղի սահ­ման­նե­րէն ներս։ Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ Պա­ղես­տի­նեան տե­ղե­կա­տուա­կան կեդ­րո­նը։

Իս­րա­յէլ ո­րո­շած է ա­ւե­լի քան 12 ար­տա­վար տա­րածք ու­նե­ցող այդ դաշ­տե­րը վե­րա­ծել հրեա­նե­րու յա­տուկ զբօ­սա­վայ­րի մը։ Կը հա­ղոր­դուի նաեւ, որ ան­ցեալ շա­բաթ ընդ­հա­րում մը տե­ղի ու­նե­ցած է շրջա­նի հա­յե­րուն եւ դաշ­տե­րէն ներս մուտք գոր­ծած Իս­րա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թեան Բնա­պահ­պա­նու­թեան եւ զբօ­սա­վայ­րե­րու բա­ժան­մուն­քի պաշ­տօ­նա­տար­նե­րուն մի­ջե­ւ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2016