ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐՆԵՐԸ
Հայաստանի Գրողներու միութեան դահլիճին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Հայոց լեզուի հիմնախըն-դիրներ» նիւթին վերաբերեալ կլոր սեղանի ձեւաչափով քննարկում մը։ Այս ձեռնարկը իրականացաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ «Հրաչեայ Աճառեան» լեզուի կաճառի եւ Գրողներու միութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Քննարկման մասնակցեցան ակադեմիոյ Լեզուի կաճառի տնօրէն Վիքթոր Կատուալեան, Սփիւռքի փոխ-նախարար Սերժ Սրապիոնեան, Գրողներու միութեան քարտուղար Պերճ Տեմիրճեան, նախարարութեան ներկայացուցիչներ, Լեզուի կաճառէն գիտնականներ, գրողներ, մտաւորականներ եւ հասարակութեան ներկայացուցիչներ։
Կլոր սեղանի ընթացքին Սերժ Սրապիոնեան փոխանցեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի խօսքը։ Ան յոյս յայտնեց, որ նման քննարկումներու արդիւնքով կը ստեղծուի լեզուի մաքրութեան պահպանման հարցերու հետամուտ, գործունեայ անձերէ բաղկացեալ խորհուրդ մը։
Կլոր սեղանի տեւողութեան ծաւալուեցաւ լուրջ քննարկում լեզուի խնդիրներուն շուրջ։ Լեզուաբանները, գրականագէտները, մտաւորականները ներկայացուցին իրենց պատկերացումները լեզուի անաղարտութեան պահպանման ուղիներու, զարգացման հեռանկարներու, գրական հայերէնի երկու ճիւղերու վիճակներուն, անոնց դերին ու խնդիրներուն մասին։ Քննարկուեցան հայոց լեզուի անաղարտութեան պահպանման իրաւական խնդիրները, զանազան ոլորտներէ ներս լեզուի գործածութեան մերժելի երեւոյթները, հնչեցին գործնական առաջարկներ։
Նախարարութեան, Լեզուի կաճառի եւ Գրողներու միութեան ներկայացուցիչներու առաջարկով որոշուեցաւ ստեղծել մասնագիտական խորհուրդ մը, որ պիտի մշակէ լեզուական մշակոյթի համակարգման հարցերը եւ լուծման ուղիները։