ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱԳԻՐ

Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայկական համացանցային համալսարանի հիմնադրամին միջեւ երէկ Երեւանի մէջ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ստորագրման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի կեդրոնի մասնաճիւղին մէջ։ Յուշագիրը ստորագրեցին Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան եւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Երուանդ Զօրեան, որ միեւնոյն ժամանակ Հայկական համացանցային համալսարանի հիմնադիրն է։ Ներկայ էր նաեւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Վազգէն Եագուպեան, որ կը գըլ-խաւորէ կառոյցի Հայաստանի մասնաճիւղը։

Հաւաքոյթի ընթացքին Լեւոն Մկրտչեան ՀԲԸՄ-ին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ կրթութեան ոլորտի ի նպաստ տրամադրուած մնայուն աջակցութեան համար։ «Յուշագրի գաղափարը շատ կարեւոր է։ Եթէ կը խօսինք, որ հայ ժողովուրդը պէտք է ցանցային կապի մէջ մտնէ ամբողջ աշխարհի մէջ, եթէ արմատապէս կը փոխուի սփիւռքի մէջ համայնքներու կառուցուածքը եւ տեղաբաշխումը, ապա միակ լուծումն է նման ծրագրերու իրականացումը՝ երբ մարդը, չունենալով հայկական միջավայր, կը կարողանայ մաս կազմել հայ կեանքին, հայեցի կրթութեան եւ հայ ժողովուրդի քաղաքակրթութեան հիմնական տարրերուն եւ խնդիրը երազային հայրենիքի գաղափարէն կրնայ բերել գործնական դաշտ», ըսաւ Լեւոն Մկրտչեան։

Իր կարգին, Վազգէն Եագուպեան շեշտեց, որ ՀԲՄԸ-ի առաքելութեան կարեւորագոյն ուղղութիւնները կը հանդիսանան՝ կրթութիւնը, մշակոյթը եւ ընկերատնտեսական ոլորտները։ «Այս ծրագիրը ունի երկու բաղադրիչ՝ կրթական եւ մարդասիրական։ Մեզի համար շատ կարեւոր է թէ՛ սուրիահայերուն եւ թէ մեր երկրին մէջ ապաստանած բոլոր փախստականներու աջակցութիւնը՝ անոնց աւելի դիւրին համարկումը ապահովելու առումով», ըսաւ ան։

Իր կարգին, Երուանդ Զօրեանն ալ ներկայացուց Համացանցային համալսարանի գործունէութիւնը եւ սոյն յուշագրով նախատեսուած ծրագրերը։

Հարկ է նշել, որ երէկ ստորագրուած յուշագրի հիման վրայ՝  նախարարութիւնը պարտաւորութիւն կը ստանձնէ Հայաստանի փախստականներուն, այնտեղ ապաստան գտածներուն եւ երկարաժամկէտ գաղթականներուն նկատմամբ՝ ներառեալ սփիւռքահայերը, դասընթացներու կազմակերպման համար։ Անոնց համար մշակուած ուսումնական ծրագրերը հնարաւորութեան սահմաններու մէջ յառաջ պիտի տարուին՝ հայոց լեզուի դասընթացներու կազմակերպման շարունակականութեան ապահովումով։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2017