ԻՆՔՆԱՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՈՂ ԱՊԱԿԻՆԵՐ

Թոքիոյի համալսարանէն խումբ մը ճաբոնցի մասնագէտներ ստեղծած են ապակի, որ, եթէ զայն կոտրեն, կրնայ կարճ ժամանակաշրջանի ընթացքին վերականգնել իր կառուցուածքը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, հիմնական նիւթերը, որոնք գիտնականները օգտագործած են իրենց մշակման մէջ, դարձած են սենթեթիկ փոլիմերներ (փոլիմիզանիւթեր)։ Փորձարկման ընթացքին անոնցմէ ստացուած ոչ շատ կարծր ապակին բաժանած են երկու մասի, իսկ յետոյ միացուցած են սովորական սենեկային ջերմաստիճանի պայմաններուն մէջ՝ առանց որեւէ այլ նիւթերու։

Ընդամէնը մի քանի րոպէն բաւական եղած է, որ երկու մասերը իրարու միանան, սակայն կառուցուածքի ամբողջական վերականգնման համար բաւական է մէկէն վեց ժամ։ Ատկէ յետոյ ապակին կրկին կ՚ամրանայ եւ կրնայ դիմանալ ծանրութիւններու։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2017