ՀԵՐԹԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Քիեւի մէջ տեղի ունեցաւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը։ Նախարարութեան խորհուրդի 37-րդ այս նիստին ներկայ գտնուեցան ՍԾՏՀԿ-ի լիիրաւ անդամ 12 պետութիւններու, 13 դիտորդ երկիրներու եւ գործընկեր կազմակերպութիւններու բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ։ Մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։ Քիեւի ժողովի ընթացքին Հայաստան ստանձնեց կազմակերպութեան շրջանային նախագահի պաշտօնը։

Նիստի ընթացքին Եդուարդ Նալպանտեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ժամանակ նշեց, որ Երեւան յանձնառու է ՍԾՏՀԿ-ի ռազմավարական նպատակներուն ու կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը այս կազմակերպութեան տնտեսական օրակարգին, որ ուղղուած է տարածքաշրջանային համագործակցութեան ընդլայնման եւ այս բանը կը բխի ՍԾՏՀԿ-ի կանոնադրական նպատակներէն։ Նալպանտեան նշեց, որ Հայաստան՝ որպէս շրջանային նախագահ երկիր, յառաջիկայ վեց ամիսներու ընթացքին ուշադրութեան կեդրոնին պիտի պահէ ՍԾՏՀԿ-ի տարածքաշրջանէն ներս տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնումը եւ ներկայ դրոյթներու միջոցաւ պիտի ջանայ յառաջ մղել նախագծուած օրակարգը։

Քիեւի մէջ Նալպանտեան շեշտեց, որ անդամ կարգ մը երկիրներ յամառ փորձեր կ՚ընեն այս կազմակերպութեան գործունէութիւնը քաղաքականացնելու ուղղութեամբ։ Այս բոլորը կ՚ազդեն ոչ միայն տարածքաշրջանի բազմակողմանի տնտեսական համագործակցութեան, այլ նաեւ կազմակերպութեան բուն հիմքերուն, անոր հիմնական նպատակներուն վրայ եւ հարցականի տակ կը դնեն ՍԾՏՀԿ-ի հեղինակութիւնը՝ որպէս արդիւնաւէտ տարածքաշրջանային տնտեսական կազմակերպութիւն։ «Հայաստան իր նախագահութեան ընթացքին կ՚ապաւինի այն համատեղ ջանքերուն, որոնք միտուած են յառաջ մղելու համակողմանի տարածքաշրջանային համագործակցութիւնն ու տնտեսական փոխկապակցուածութիւնը», ըսաւ Նալպանտեան։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2017