ՃՈՐՃ ՔԼՈՒՆԻԻՆ ՆՈՒԷՐԸ

Ամերիկացի աշխարհահռչակ դերասան Ճորճ Քլունին իր ընկերներուն փողով լեցուն փոքրիկ տոպրակներ բաժնած է որպէս շնորհակալութիւն բարեկամութեան համար։

Այդ մասին պատմած է ձեռնարկատէր Ռանտ Ճերպըր, որ նախապէս ստացած է նուէրը, կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»՝ յղում ընելով Inquirer-ին։ Անոր խօսքով՝ Քլունիի տասնչորս ընկերները արուեստագէտի մօտ ընթրիքի հրաւիրուած էին 2013 թուականին։ Սեղանի շուրջ իրենց նստատեղիներուն վրայ յայտնաբերած են դրամապանակներ, իւրաքանչիւրին մէջ կար 1 միլիոն տոլար։ «Ինծի համար շատ կարեւոր է, որ ձեզ շնորհակալութեամբ հատուցեմ, քանի դեռ մենք բոլորս այստեղ միասին ենք», ըսած է դերասանը։

Քլունին յաւելած է, թէ իր ընկերները, զորս ան անուանած է «Տղաներ», շատ օգնած են իրեն, եւ ինք այնքան թանկ կը գնահատէ զանոնք։ Ճերպըր կը պնդէ, թէ կը պատրաստուէր հրաժարիլ ընծայէն, բայց Քլունին յայտարարած է, որ եթէ ընկերներէն մէկը փողը չընդունի, ապա ան ոչ ոք կը ստանայ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2017