ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԿԱՐԾԻՔ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ Նախիջեւանի ռազմականացումը սպառնալիք կրնայ հանդիսանալ ամբողջ տարածքաշրջանի կայունութեան պահպանման համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Կիրօ Մանոյեան ըսաւ. «Այստեղ Ռուսաստանի վերաբերմունքը պիտի տարբերի, որովհետեւ խօսքը կը վերաբերի Հայաստանի անվտանգութեան։ Այս կապակցութեամբ Ռուսաստան ունի շահեր եւ պատասխանատուութիւն։ Նախիջեւանի ռազմավարացման խնդիրներով կրնայ մտահոգուիլ նաեւ Իրան»։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ ընդհանրապէս Նախիջեւանի ռազմականացումը պէտք է մտահոգութիւն պատճառէ այն բոլոր երկիրներուն, որոնց համար կարեւոր է տարածքաշրջանի մէջ կայունութեան պահպանումը։ Արդարեւ, իրավիճակի սրման պարագային բազմաթիւ ուժեր կրնան մտնել հակամարտութեան մէջ եւ անհնար կ՚ըլլայ կանխատեսել այդպիսի վիճակէ մը ելքը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2017