ՆՈՐ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ ՄԸ

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան նախընթաց երեկոյեան ծաւալուն հարցազրոյց մը տուաւ «Արմենիա» հեռուստակայանին։ Այս առթիւ ան պատասխանեց բազմաթիւ հարցումներու, որոնց միջոցաւ մեկնաբանեց երկրի արտաքին ու ներքին քաղաքականութեան վերաբերեալ բազմաթիւ այժմէական նիւթեր։ Այս ամբողջին մէջ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ յառաջիկայ տարուան առաջին կէսին Հայաստան Եւրոմիութեան հետ երկխօսութեան պիտի ձեռնարկէ՝ մուտքի արտօնութիւններու (վիզա) ազատականացման հարցին շուրջ։ Իր խօսքերով՝ ժամկէտներու վերաբերեալ յայտարարութիւն ընելը թէեւ անշնորհակալ գործ մըն է, սակայն հաւանական է, որ այդ ժամանակահատուածին սկսի երկխօսութիւնը։ «Այստեղ եւս կան բազմաթիւ խնդիրներ, սա տեւական գործընթաց մըն է։ Եթէ լաւ աշխատինք, կը կարծեմ, թէ երկու-երեք տարուան ընթացքին կրնանք հասնիլ վերջնանպատակին», ըսաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Հեռատեսիլէն սփռուած հարցազրոյցին մէջ ան մատնանշեց, որ սա նոր համաձայնագիր մըն է ու կ՚ենթադրէ առանձին գործընթաց մը։

Միւս կողմէ, Նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ երէկ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը ժողով մը գումարեց Երեւանի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, օրակարգի վրայ եկան ռազմաարդիւնաբերական համալիրի զարգացման, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի իրաւական ու կառուցակարգային նախադրեալներու ամրապնդման հիմնախնդիրները։ Ազգային անվը-տանգութեան խորհուրդի անդամները հաւանութիւն տուին ռազմաարդիւնաբերական զարգացման պետական ծրագրին։ Քննարկումներու արդիւնքով հասունցած առաջարկներուն հիման վրայ կառավարութեան տրուեցան շարք մը յանձնարարականներ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2017