ՈՉ ԵՒՍ Է ԳՐԱԿԱՆԱԳԷՏ ՖԵԼԻՔՍ ՄԵԼՈՅԵԱՆ

Կեանքի 77-րդ տարիին մահացած է Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ, գրականագէտ Ֆելիքս Մելոյեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, ան կեանքէն հեռացած է երկարատեւ հիւանդութեան պատճառաւ։

Ֆելիքս Յակոբի Մելոյեան ծնած է 1940 թուականի Փետրուարի 23-ին, Երեւանի մէջ։ Գրողներու միութեան անդամ եղած է 1977 թուականին։ Ֆելիքս Մելոյեան 1962 թուականին աւարտած է Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական մանկավարժարան կաճառի պատմալեզուագրական ֆաքիւլթէն։ 1962-1964 թուականներուն եղած է «Մետալուրգ» թերթի պատասխանատու քարտուղարը։ 1964-1968 թուականներուն աշխատած է Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ որպէս կրտսեր գիտաշխատող։ 1966-1971 թուականներուն եղած է «Գրական թերթ»ի քննադատութեան բաժնի վարիչը, իսկ 1971-1978 թուականներուն՝ «Գրական թերթ»ի խմբագրի տեղակալը։ 1978 թուականի Օգոստոսին եղած է «Սովետական գրականութիւն» ամսագրի գլխաւոր խմբագրի տեղակալը։ 1996-2001 թուականներուն եղած է Հայաստանի Գրողներու միութեան վարչութեան քարտուղարը։ Հայաստանի Գրողներու միութեան «Նորք» հանդէսի խմբագիրն է։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2017