ԵՐԳ, ՊԱՐ ԵՒ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը փառաշուք ձեռնարկով մը նշեց իր հիմնադրութեան 40-ամեայ յոբելեանը։ Իսթանպուլի համագումարներու կեդրոնին մէջ, Հարպիյէ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Մարալ»ի ներկայացումը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ «40 տարի շարունակ հայ պարը եւ մենք» կարգախօսով կազմակերպուած այս հանդիսութիւնը վերածուեցաւ բառին բուն իմաստով տօնակատարութեան մը՝ երգերով ու պարերով։ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան աջակցութիւնով կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը։ Երեկոյթը պատուեց Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը։ Ներկաներու շարքին էին Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան, Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքին եւ համայնքային շրջանակներէն բազում ծանօթ դէմքեր։ Գեղարուեստասէրները ամբողջութեամբ լեցուցած էին սրահը եւ ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին «Մարալ»ի յոբելեանը։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ Ժպիտ Իսքենտէրօղլու-Քալայճըի հանդիսավարութեամբ։ «Մարալ»ի թէ՛ գլխաւոր կազմը եւ թէ մանկապատանեկան կազմը հանդէս եկան յաջող ելոյթներով՝ գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի մականին ներքեւ։ Ըստ վերջին շրջանին ձեւաւորուած աւանդութեան՝ համոյթին ընկերացաւ Հայաստանէն նուագախումբ մը, որու ղեկավարն էր Հայկ Գրիգորեան։ Երկու մասերէ բաղկացեալ յայտագրի գործադրութեան ողջ տեւողութեան համոյթը խոր տպաւորութիւն գործեց հանդիսատեսներուն վրայ։

Եզրափակիչ փուլին յանձնուեցան յուշանուէրներ։ Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքինին համար պատրաստուած էր յուշանուէր մը։ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուին համար ալ մարալցիները պատրաստած էին յուշանուէր մը, սակայն այդ մէկը պիտի յանձնուի յառաջիկայ շրջանին։ Հայաստանի Պարի պետական համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Գագիկ Կարապետեան յուշանուէրներ յանձնեց թէ՛ «Մարալ»ին եւ թէ Կարպիս Չափքանին։ Ծանօթ է, որ Պարի պետականն ու «Մարալ»ը կը ծաւալեն սերտ համագործակցութիւն։ Նուագախումբի ղեկավար Հայկ Գրիգորեան եւս ձեռնարկին ժամանակ ստացաւ յուշանուէր մը։ Այս ամբողջին մէջ ամենայատկանշականն էր Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ Կարպիս Չափքանին ուղարկուած ոսկէ մետայլը, զոր ծափահարութիւններու տարափի մը ներքեւ յանձնեց Սահակ Սարգսեան։

Ձեռնարկը աւարտին հասաւ Ընտրեալ-պատրիարք Հօր խօսքով։ Նորին Սրբազնութիւնն ալ դրուատեց «Մարալ»ի կողմէ տարուած աշխատանքը եւ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Կարպիս Չափքանի վաստակին մասին։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2019