ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ եզրափակուեցաւ՝ «Հայերը Արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ» խորագրեալ գիտաժողովը, որ ծաւալեց բազմակողմանի աշխատանք։ Համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած էր գիտաժողովը։

Այս գիտաժողովին մասնակցութիւն բերին Արաբական ծոցի երկիրներու հայոց հոգեւոր առաջնորդները, Հայաստանի դեսպանները, ինչպէս նաեւ հայ կամ օտար հեղինակաւոր գիտնականներ կամ այլ բնագաւառներէ յառաջատար դէմքեր։ Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն տքթ. Անդրանիկ Տագէսեան այս առթիւ շեշտեց, որ գիտաժողովը աննախընթաց է իր նիւթով, որովհետեւ ցայսօր ամբողջական ուսումնասիրութիւն մը գոյութիւն չունի շրջանի հայութեան մասին։

Գիտաժողովի ընթացքին ողջոյնի խօսքով մըն ալ հանդէս եկաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2022