ԴԷՊԻ ԱՐՑԱԽ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԱԶ

Արցախը կը շարունակէ շրջափակման մէջ մնալ։ Լաչինի միջանցքը փակ է, Լեռնային Ղարաբաղը կտրուած Հայաստանէն եւ ամբողջ աշխարհէն։ Մեկուսացած, կղզիացած Արցախը կը ջանայ վերապրիլ՝ մինչ Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան տեղեկացուց, որ վաղը Ստեփանակերտի մէջ հանրահաւաք մը տեղի պիտի ունենայ։

Յամենայնդէպս, առկայ մտահոգիչ իրավիճակին մէջ Ստեփանակերտէն հասաւ դրական լուր մը։ Ռուբէն Վարդանեան տեղեկացուց, որ Արցախի մէջ կազի մատակարարումը վերականգնուած է։

«Ունիմ լաւ նորութիւն։ Առանց որեւէ նախապայմանի, առանց մեր կողմէ որեւէ զիջման հարեւան պետութիւնը վերականգնած է կազի մատակարարումը մեզի համար։ Սա մեր յաղթանակն է։ Սա իրենք որոշած են, քանի զգացած են՝ ինչ սխալ գործած են», յայտնեց Ռուբէն Վարդանեան։ Միեւնոյն ժամանակ, ան հաւանական նկատեց, որ օրուան ընթացքին բացուի նաեւ ճանապարհը։

Երէկ, Երեւանի մէջ, օրուան տեւողութեան զանազան ցոյցեր տեղի ունեցան օտարերկրեայ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու առջեւ՝ ուշադրութիւն հրաւիրելու համար Լաչինի միջանցքի փակման հարցին վրայ։ Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ զանազան հարթակներու վրայ օրակարգի վրայ կը բերէ այս հարցը՝ մինչ միջազգային շրջանակներէն կը շարունակեն կոչեր հնչել՝ Ատրպէյճանին ուղղեալ։

Տարածաշրջանին մէջ ալ դիւանագիտական բանուկ երթեւեկը կը շարունակուի։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։ Կը հաղորդուի, որ Չավուշօղլու Իրանի հետ տարածաշրջանային համագործակցութեան խթանումը որակած է՝ խիստ շինիչ։ Իր կարգին, Ապտուլլահիանն ալ վերահաստատած է իր երկրի պատրաստակամութիւնը՝ նպաստելու համար տարածաշրջանային վէճերը լուծելու եւ խաղաղութիւն ու անվտանգութիւն հաստատելու։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի վարչապետն ալ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Թիֆլիզ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2022