ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ՍՈՓՐԱՆՕ ԷԼԷՆԱ ՓԱՆՔՐԱԹՈՎԱՅԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՎԱՐՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ

Շաբաթավերջին Իսթանպուլէն անցաւ դասական երաժշտութեան աշխարհի տիրական դէմքերէն սոփրանօ փրոֆ. Էլէնա Փանքրաթովա, որու գլխաւորութեամբ կազմակերպուած էր վարպետութեան դասընթացք մը։ Աւստրիայէն ժամանած աշխարհահռչակ մեներգչուհին վարպետութեան դասերը իրականացուց Սաքըզաղաճի Ս. Աստուածածին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ երդիքին տակ։ Այս ծրագիրը կազմակերպուած էր Իսթանպուլի ֆիլհարմոնիի միութեան եւ «Օփերա Անկորա»ի համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Երկօրեայ վարպետութեան դասընթացքին մասնակցեցան՝ փրոֆ. Էլէնա Փանքրաթովայի կողմէ դիմողներու շարքէն առանձնացուած ութ մեներգիչներ, որոնց շարքին էր պարիթոն Արթիւր Պաղտասարեան։ Երկու օր անընդմէջ վարպետութեան դասընթացքի մասնակիցները իտալերէն եւ գերմաներէն արիաներու վրայ աշխատանք տարին՝ գլխաւորութեամբ Էլէնա Փանքրաթովայի, որ բոլորին նկատմամբ թէեւ շատ ջերմ, սակայն, նաեւ խստապահանջ վերաբերմունք ցուցաբերեց։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2024