ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԾՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ԽՐԱԽՈՒՍՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԴՐԱՄԱԿԱՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄՆԵՐ «ՏԱՇԻՐ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԷՆ

Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ»ին մէջ կը կար­դանք.

«Տա­շիր» բա­րե­գոր­ծա­կան հիմ­նադ­րա­մը 2016 թուա­կա­նին Ար­ցա­խի ըն­տա­նիք­նե­րուն մէջ ծնած չոր­րորդ ե­րա­խա­նե­րուն պի­տի յատ­կաց­նէ 4000-ա­կան տո­լար: Ըստ «Ար­ցախփ­րէս»ին, Հադ­րու­թի շրջա­նի Ակ­նաղ­բիւր գիւ­ղին մէջ այս մասին յայ­տա­րա­րած է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Վար­չա­պետ Ա­րա­յիկ Յա­րու­թիւ­նեան: Այս կարգադրութիւնը կը նախատեսէ ծնելիութիւնը խրախուսել Արցախէ ներս։ «Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամը ստեղծուած է ռուսահայ յայտնի գործա­­րար Սամուէլ Կարապետեանի միջոցներով։

Յա­րու­թիւ­նեան շարք մը գիւ­ղե­րու մէջ՝ շնոր­հա­ւո­րած է 2016 թուա­կա­նին ծնած ե­րա­խա­նե­րուն ըն­տա­նիք­նե­րը, իսկ Հադ­րու­թի շրջա­նի Ակ­նաղ­բիւր գիւ­ղին մէջ յայ­տա­րա­րած է, որ Յու­նուա­րի 20-ին «Տա­շիր» բա­րե­գոր­ծա­կան հիմ­նադ­րա­մը 4000-ա­կան տո­լար պի­տի յատ­կաց­նէ 2016 թուա­կա­նի ըն­թաց­քին Ար­ցա­խի ըն­տա­նիք­նե­րուն մէջ ծնած չոր­րորդ ե­րա­խա­նե­րուն:

Ա­րա­յիկ Յա­րու­թիւ­նեան ա­ւել­ցու­ցած է, որ Սա­մուէլ Կա­րա­պե­տեա­նի այս ծրա­գի­րը ու­ժի մէջ պի­տի ըլ­լայ ե­րեք տա­րի շա­րու­նակ: Այ­սինքն՝ այն ըն­տա­նիք­նե­րը, ո­րոնք 2016-2018 թուա­կան­նե­րուն ըն­թաց­քին ու­նե­նան ի­րենց չոր­րորդ բա­լիկ­նե­րը, «Տա­շիր» հիմ­նադ­րա­մին կող­մէ պի­տի ստա­նան նշեալ գու­մա­րը:

Հարկ է նշել, որ Արցախի մէջ նման ծրագրեր կեան­քի կը կոչուին նաեւ ամուսնութիւնները խրախուսելու համար։

Երեքշաբթի, Յունուար 17, 2017