ԲԱԽՏՈՐՈՇ ԹԵՐԱՑՈՒՄՆԵՐ
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի մահափորձին վերաբերեալ դատավարութիւնը երէկ շարունակուեցաւ Իսթանպուլի 14-րդ պատժական ատեանին կողմէ։ Դատարանը երէկ ունկնդրեց Ալի Ֆուատ Եըլմազէրի ցուցմունքներուն։ Հարկ է նշել, որ մահափորձի շրջանին Ալի Ֆուատ Եըլմազէր Թրապզոնի Անվտանգութեան տնօրէնութենէն ներս լրաքաղութեան բաժանմունքի ղեկավարներէն մին էր։ Այս առթիւ ան նշեց, որ մահափորձի առաջին հարցաքննութիւնները շատ աւելի արդար էին եւ այսօր առկայ է յետընթաց մը՝ ճշմարտութեան մօտութեան առումով։ Ըստ իրեն, գործողութեան, դէպքին չպատահած վայրին մէջ կարելի չէ խօսիլ յանցագործի մասին։ Տինքի դէմ մահափորձը ծրագրուած էր Թրապզոնի մէջ։ Տինք կ՚ապրէր Իսթանպուլի մէջ։ Այս մահափորձը կասեցնել կարելի չէ եղած, որովհետեւ ձեռք առնուած այն նախազգուշական միջոցները, որոնք Թրապզոնի մէջ պէտք է գործադրուէին։ Իր խօսքերով, ներկայիս դատավարութեան ծիրէն ներս նկատի առնուած բոլոր փաստաթուղթերը կ՚արժեւորուին իրեն շնորհիւ։
Տեղական մամուլը դատավարութեան երէկուան փուլին վերաբերեալ դարձեալ կը հաղորդէ մանրամասնութիւններ։ «Հրանդի ընկերները» խմբակն ալ երէկ հերթական դատական նիստին առթիւ ցոյց մը իրականացուց Չաղլայանի Արդարադատութեան պալատին առջեւ։ Թերթերը կը մէջբերեն նաեւ Ալի Ֆուատ Եըլմազէրի այն խօսքերը, ըստ որոնց Հրանդ Տինք պէտք է պաշտպանուէր պետութեան կողմէ։ Ան մատնանշած է, որ այս մահափորձին առջեւ ճանապարհ հարթուած է դիտումնաւոր ձեւով եւ պետութիւնը չէ կատարած իր պաշտօնը։
Ի լրումն այս բոլորին, մամուլը օրակարգի վրայ կը բերէ նաեւ այլ մանրամասնութիւններ։ Մահափորձի շրջանին Իսթանպուլի անվտանգութեան տնօրէնի պաշտօնին գլուխը գտնուող Ճելալետտին Ճերրահ դատարանին տուած ցուցմունքներուն մէջ յայտնած էր, որ Հրանդ Տինք չէր փափաքած ունենալ թիկնապահ մը։ Թերթերը այս կէտին վրայ կը մատնանշեն հակասութիւն մը։ Արդարեւ, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Օրհան Փամուքին թիկնապահ մը տրամադրուած էր, հակառակ որ անոր կողմէ նման կարգադրութիւն մը չէր պահանջուած։ Անվտանգութեան համակարգէն ներս կատարուած թղթակցութիւններու յայտնաբերման հիման վրայ երեւան եկած է այս հակազդեցութիւնը։ Ճելալետտին Ճերրահի պաշտօնավարութեան շրջանին ընդամէնը վեց օրուան ընթացքին նշանակուած է թիկնապահ մը։ Այդ կարգադրութիւնը կատարուած է այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Օրհան Փամուքի դէմ մահուան բացայայտ սպառնալիք մը չկար։ Անոր համար փութով թիկնապահ մը պաշտօնի կոչուած էր՝ հակառակ անոր, որ յայտնի գրողը նման պահանջ մը չէր ունեցած։
Այս բաղդատութիւնները եւ անոնց լոյսին տակ յայտնի դարձած մանրամասնութիւնները դատավարութեան ներկայ փուլին կը բնորոշեն հիմնական հարցականները։
Միւս կողմէ, երէկուան հերթական դատավարութիւնը զուգադիպեցաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան 10-րդ տարելիցի նախօրեակին։ Ինչպէս ծանօթ է, այս Հինգշաբթի՝ 19 Յունուար 2017-ին պիտի լրանայ Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձին 10-րդ տարելիցը։ Ոգեկոչման ծրագրերը արդէն աստիճանաբար կեանքի կը կոչուին թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ արտասահմանի մէջ։
Հարկ է նշել, որ Ալի Ֆուատ Եըլմազէր այս դատավարութեան ծիրէն ներս առաջին անգամ ինքզինք պաշտպանեց՝ իրեն հասցէագրուած մեղադրանքներուն դէմ։