Հայաստանի Բնակչութիւը Աճ արձանագրած է
ՄԱԿ-ի Բնակչութեան ֆոնտը հրապարակած է նոր զեկուցում մը, որուն մէջ ներկայացուած տուեալներուն համաձայն, Հայաստանի մէջ 3 միլիոն մարդ կ՚ապրի: Զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ 2010-2016 թուականներուն Հայաստանի բնակչութեան թիւը աճած է 0.3 առ հարիւրով:
2016 թուականի տուեալներով, 0-14 տարեկան երախաները եւ պատանիները ամբողջ բնակչութեան 19 առ հարիւրը կը կազմեն, նոյն ցուցանիշը գոյութիւն ունի նաեւ 10-24 տարեկան մարդոց պարագային. 15-64 տարիքային խումբը բնակչութեան 70 առ հարիւրը կը կազմէ, իսկ 65 եւ անկէ բարձր տարիք ունեցող մարդոց խումբը՝ 11 առ հարիւր:
Զեկուցումին համաձայն, Հայաստանի բնակչութեան 45.2 առ հարիւրը չ՚աշխատիր (այս խումբին մէջ ներառուած են երախաները, հաշմանդամները, ուսանողներն ու տարեցները):
Զեկուցումին մէջ նշուած է նաեւ, որ Հայաստանի մէջ կիներու կեանքին միջին տեւողութիւնը 79 տարի է, իսկ տղամարդոցը՝ 74 տարի:
Ինչ կը վերաբերի աշխարհին, ապա ըստ զեկուցումին, 2016 թուականին երկրագունդին վրայ ապրողներուն թիւը հասած է 7.43 միլիառի: Փաստաթուղթին հեղինակները լուսարձակի տակ առած են այն իրողութիւնը, որ ի տարբերութիւն 2015 թուականին, այս ցուցանիշը 1.1 առ հարիւրի աճ արձանագրած է: 2015 թուականին երկրագունդի ամբողջ բնակչութիւնը 7.34 միլիառ եղած էր:
Ըստ զեկուցումին, աշխարհի բնակչութեան մօտ 26 առ հարիւրը մինչեւ 14 տարեկաններն են: Բացի ատկէ, զեկուցումին մէջ արձանագրուած է նաեւ, որ երկրագունդի՝ մինչեւ 24 տարեկան բնակիչներուն շուրջ կէսը արական սեռի օգտին եղող սեռային խտրականութեան խնդիրին առընչուած է: