Յով­հան­նէս Հել­վա­ճեա­նի Թա­տե­րա­կան Գոր­ծու­նէու­թեան 40-Ա­մեակը

Բե­մադ­րիչ, դե­րա­սան Յով­հան­նէս Հել­վա­ճեան իր թա­տե­րա­խումբը հիմ­նեց 13 Ապ­րիլ 1977-ին եւ նոյն ամ­սուան 24-ին մկրտեց զայն «Կո­մի­տաս» ա­նու­նով:

«Կո­մի­տաս» թա­տե­րա­խում­բը սկսաւ իր թա­տե­րա­կան եր­թին՝ իր շուրջ հա­մախմ­բե­լով վաթ­սուն դե­րա­կա­տար-դե­րա­կա­տա­րու­հի­ներ: Բե­մը սի­րող նուի­րեալ պար­ման-պար­մա­նու­հի­նե­րը Հել­վա­ճեա­նի կող­քին սկսան գոր­ծել եւ 1978-ի Ապ­րիլ 24-ին «Յ. Տէր Մել­քո­նեան» թա­տե­րաս­րա­հին բե­մին վրայ  Հել­վա­ճեան բե­մադ-­րեց իր ա­ռա­ջին թա­տե­րա­խա­ղը՝ Հայր Անդ­րա­նիկ Վրդ. Կռա­նեա­նի հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը ե­ղող «Նուար­դը»: Օ­րին հայ­կա­կան մա­մու­լը գո­վա­սան­քով մօ­տե­ցաւ թա­տե­րա­կան այս ե­րե­ւոյ­թին՝ վեր առ­նե­լով Հել­վա­ճեա­նի խի­զախ եւ նուի­րեալ, լուրջ մօ­տե­ցու­մը թատ­րո­նին հան­դէպ:

Եր­թը կը շա­րու­նա­կուի մին­չեւ օրս: Հել­վա­ճեան 40 տա­րուան մէջ լի­բա­նա­նա­հայ հան­րու­թեան եւ դպրոց­նե­րու ա­շա­կեր­տու­թեան հրամ­ցուց հայ­կա­կան ըն­տիր նիւ­թեր եւ հե­քիաթ­ներ: Հել­վա­ճեա­նի բե­մադ­րու­թիւն­նե­րուն մէջ կա­րե­ւոր տեղ ու­նե­ցան հայ­կա­կան նիւ­թե­րը:  Հել­վա­ճեան Պա­րո­նեա­նի գրե­թէ բո­լոր թա­տե­րա­խա­ղե­րը բե­մադ­րած է. «Ա­րե­ւե­լեան ա­տամ­նա­բոյ­ժը», «Շո­ղո­քոր­թը», «Ա­լաֆ­րան­կան», «Եր­կու տի­րոջ մէկ ծա­ռայ», «Քա­ղա­քա­վա­րու­թեան վնաս­նե­րը», «Սի­րոյ միջ­նորդ­նե­րը»: Հել­վա­ճեան Ե­րուանդ Օ­տեա­նէն եւ Պետ­րոս Դու­րեա­նէն բե­մադ­րած է հե­տե­ւեալ թա­տե­րա­խա­ղե­րը՝ «Թա­ղա­կա­նին կնի­կը» եւ «Թատ­րոն կամ թշուառ­ներ»:

Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նի ծննդեան 125-ա­մեա­կին ա­ռի­թով ան բե­մադ­րած է «Գի­գո­րը»: Յա­ջոր­դա­բար հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու բե­մե­րուն վրայ բե­մադ­րած է «Բա­րե­կեն­դա­նը», «Ան­խելք մարդը», «Մի կա­թիլ մեղր»ը:  Հել­վա­ճեան նաեւ բե­մադ­րած է իր հե­ղի­նա­կած 17 թա­տե­րա­խա­ղե­րը, Սեդ­րակ Էս­մէ­րեա­նի հե­ղի­նա­կու­թեամբ ե­րեք թա­տե­րա­խաղ, հայ­րե­նի հե­քիա­թա­գիր՝ Մու­շեղ Յա­կո­բեա­նէն մէկ հե­քիաթ՝ «Ոս­կի խրա­տը»: Գա­ղու­թի հայ ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը վա­յե­լած է Հել­վա­ճեա­նի այս բե­մադ­րու­թիւ­նը:

Յով­հան­նէս Հել­վա­ճեան իր թա­տե­րա­խում­բին 15-ա­մեա­կը յի­շա­տա­կած է, բե­մադ­րե­լով Շէյքս­փի­րի «Օ­թել­լօ»ն 1992-ին, իսկ յա­ջորդ տա­րի՝ 1993-ին  Հել­վա­ճեան «Օ­թել­լօ»ն բե­մադ­րած է նաեւ ա­րա­բե­րէ­նով: 1989-ին Հել­վա­ճեան բա­ցա­ռիկ բե­մադ­րու­թեամբ եւ խա­ղար­կու­թեամբ  բե­մադ­րած է Մո­լիէ­րի «Ա­գա­հը», այն­քան յա­ջող, որ բե­մադ­րու­թիւ­նը մնա­ցած է բե­մին վրայ ե­րեք ա­միս:  Հել­վա­ճեան իր «Ա­գա­հը»  42 ե­լոյթ­նե­րով ներ­կա­յա­ցու­ցած է: Մո­լիէ­րէն բե­մադ­րած է նաեւ «Լէօ  Պար­պու­լիէն»: Մու­շեղ Իշ­խա­նի մա­հուան  20-ա­մեա­կին ա­ռի­թով Հել­վա­ճեան բե­մադ­րած է «Կի­լի­կիոյ ար­քան», իսկ  եղեռնի 100-ա­մեա­կին ա­ռի­թով բեմ բարձ­րա­ցուց Ար­փիար Ար­փիա­րեա­նի «Կար­միր ժա­մուց»ը:

Իսկ այս տա­րի ան իր թա­տե­րա­կան 40-ա­մեա­կը կը տօ­նա­կա­տա­րէ դար­ձեալ բե­մադ­րե­լով Շէյքս­փի­րի «Օ­թել­լօ»ն:

Այս ա­ռի­թով Լի­բա­նա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ձեռ­նարկ մը։ «Յա­կոբ Տէր Մել­քո­նեան» թա­տե­րաս­րա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ո­ւի­լիըմ Շէյքս­փի­րի «Օ­թել­լօ»ի ներ­կա­յա­ցու­մը՝ բե­մադ­րու­թեամբ եւ մե­նա­կա­տա­րու­թեամբ Յով­հան­նէս Հել­վա­ճեա­նի: Նոր մեկ­նա­բա­նու­թեամբ «Օ­թել­լօ»ի ներ­կա­յաց­ման ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին նաեւ՝ Թո­րոս Հել­վա­ճեան, Քրիս­տի­նա Սրա­պո­նեան:

Նախ­քան թա­տե­րա­խա­ղին ներ­կա­յա­ցու­մը, Քրիս­տի­նա Սրա­պո­նեա­նի ձայ­նով ներ­կա­յա­ցուե­ցան զա­նա­զան վկա­յու­թիւն­ներ Յով­հան­նէս Հել­վա­ճեա­նի թա­տե­րա­կան վաս­տա­կին մա­սին: Ներ­կա­յաց­նենք քա­նի մը հա­տը.

«Ե­րե­սուն­հինգ տա­րի­նե­րու վրայ կարճ կամ եր­կա­րա­շունչ թատ­րեր­գու­թիւն­ներ բե­մադ­րած ուժ մըն է Յով­հան­նէս Հել­վա­ճեան: Բե­մադ­րու­թիւն­նե­րէն ո­մանք յա­ջող ըն­թացք մը ու­նե­ցած են ու ծա­փա­հա­րուած: Ու­րիշ­ներ՝ նուազ յա­ջող: Ին­ծի հա­մար կա­րե­ւո­րը այդ չէ սա­կայն, կա­րե­ւո­րը իր կո­չու­մին հա­ւա­տար­մու­թիւնն է, որ ան­պա­կաս ե­ղաւ իր մօտ: Ու երբ կայ այդ հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը, ա­նակն­կալ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով դեռ շատ ա­կա­նա­տես կ՚ըլ­լայ թա­տե­րա­սէր հա­սա­րա­կու­թիւ­նը», Պ. Սնա­պեան:

«Ես ալ հե­տա­գա­յին՝ ա­ռիթն ու­նե­ցայ Յով­հան­նէս Հել­վա­ճեա­նը ա­ւե­լի գնա­հա­տե­լու եւ յա­ճախ քա­ջա­լե­րե­լու, ո­րով­հե­տեւ ան իր ժա­մա­նա­կին պայ­ման­նե­րէն ան­դին ապ­րող, գա­ղա­փա­րա­պաշտ, մշա­կու­թա­յին ծրա­գիր­նե­րով բե­ղուն, բայց օ­րա­պա­հի­կով հա­մեստ ա­րուես­տա­գէտ մըն էր: Կը հա­ւա­տամ, ազ­գիս ան­մա­հու­թեան ու կը հա­ւա­տամ, որ հա­յու­թիւ­նը ե­թէ դա­րե­րու ձու­լու­մին դէմ տո­կաց, պատ­ճա­ռը նաեւ Յով­հան­նէս Հել­վա­ճեան­նե­րուն նման կարգ մը ե­կե­ղե­ցա­կան, մտա­ւո­րա­կան ու ազ­գա­յին նուի­րեալ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւնն է մեր շար­քե­րուն մէջ: Թող ա­նոնք ան­պա­կաս մնան մեր մէջ, որ­պէս­զի հա­յը իր մշա­կոյ­թով գո­յա­տե­ւէ աշ­խար­հի ե­րե­սին… Վարձքդ կա­տա՛ր, Յով­հան­նէս…», Հայր Անդ­րա­նիկ Ծ. Գրդ. Կռա­նեան:

«Բո­լո­րո­վին ա­ռան­ձին թատ­րո­նի սէրն ու կիր­քը մղած է բե­մադ­րիչ եւ դե­րա­սան Յով­հան­նէս Հել­վա­ճեա­նը, որ հիմ­նէ «Կո­մի­տաս» թա­տե­րա­խում­բը 1977-ին՝ լի­բա­նա­նեան կեան­քի պա­տե­րազ-­մա­կան պայ­ման­նե­րուն մէջ ծա­ռա­յե­լու հա­մար հայ բե­մին: Լի­բա­նա­նա­հայ թատ­րո­նի պատ­մու­թիւ­նը իր է­ջե­րուն կ՚ար­ձա­նագ­րէ նաեւ ա­նու­նը Յով­հան­նէս Հել­վա­ճեա­նին եւ իր «Կո­մի­տաս» թա­տե­րա­խում­բին», Պ. Սի­մո­նեան:

«Յով­հան­նէ­սը ինք­զինք չէ, որ կը սի­րէ թատ­րո­նի մէջ, այլ՝ թատ­րո­նը կը սի­րէ իր մէջ: Տա­րի­նե­րը դառ­նա­լով ան­ցեալ ու կեն­սագ­րու­թիւն, օր մը կը ստի­պեն վեր­լու­ծել ը­րածդ ու չը­րածդ՝ պար­տադ­րե­լով նո­րո­գուած ե­ռան­դով շար­ժիլ ա­ռաջ: Կը մաղ­թեմ, որ Յով­հան­նէս Հել­վա­ճեա­նի ճամ­բան շա­րու­նա­կուի միայն ու միայն վե­րելք­նե­րու եւ նուա­ճում­նե­րու մի­ջով», Ռո­պերթ Ա­ռա­քե­լեան:

Բե­մադ­րիչ եւ դե­րա­սան Յով­հան­նէս Հել­վա­ճեան Ո­ւի­լիըմ Շէյքս­փի­րի «Օ­թել­լօ»ին մա­սին ը­սած է, թէ ան բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն հա­մար գրուած է եւ եր­բեք ժա­մա­նա­կավ­րէպ չէ. այս գոր­ծը կը ներ­կա­յաց­նէ, թէ ինչ­պէ՛ս գա­գաթ­նա­կէ­տին հա­սած խան­դը կրնայ զո­հե­րու պատ­ճառ դառ­նալ: Ան ա­ւել­ցու­ցած է, թէ չի բա­ւեր ար­դար ըլ­լալ, այլ պէտք է ար­թուն մնալ՝ չա­րին ո­րո­գայթ­նե­րուն մէջ չիյ­նա­լու հա­մար:

«Օ­թել­լօ»ն բե­մադ­րե­լու միակ պատ­գա­մը, ըստ Հել­վա­ճեա­նի, հե­տե­ւեալն է. «Զգու­շա­նալ մա­նա­ւանդ մե­զի մօ­տիկ բա­րե­կամ­նե­րէն: Ա­նոնք բա­րե­կա­մու­թեան դի­մա­կին տակ վտան­գա­ւոր թշնա­մու­թիւն կրնան ու­նե­նալ մե­զի հան­դէպ: Ե­թէ օ­թել­լո­ներ ենք՝ զգու­շա­նանք եա­կո­նե­րէն»:

«Ազդակ», Լիբանան

Երեքշաբթի, Յունուար 17, 2017