Տա Վին­չիի Գծան­կա­րը

Փա­րի­զի մէջ պա­տա­հա­բար գտնուած է Լէո­նար­տօ տա Վին­չիի 15 մի­լիոն եւ­րօ ար­ժող գծան­կա­րը: «Թե­լեկ­րաֆ» պար­բե­րա­կա­նը կը հա­ղոր­դէ, որ ֆրան­սա­ցի հանգս­տեան կո­չուած բժիշկ մը, որ փա­փաք յայտ­նած է իր ա­նու­նը ան­յայտ պա­հել, «Թա­ժան» ա­ճուր­դա­յին տուն բե­րած է իր հօր պատ­կա­նող գծան­կար­նե­րու տուփ մը: Ա­ճուր­դա­յին տան աշ­խա­տա­կից Թա­տի Փրաթ տասնհինգ գծան­կար­նե­րուն մէջ նկա­տած է ծա­ռին կա­պուած Ս. Սե­պաս­թիե­նին պատ­կե­րը: Գծան­կա­րը պատ­կե­րուած է յա­տուկ ջրա­ներ­կով:

Գիտ­նա­կան­նե­րը պար­զած են, որ այդ գոր­ծը կը պատ­կա­նի Լէո­նար­տօ տա Վին­չիի վրձի­նին եւ գծուած է 1482 եւ 1485 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ ին­կած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին:

Երեքշաբթի, Յունուար 17, 2017