ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ՄԷՋ ԴԷՊՔ
Տիարպաքըրի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ահաբեկչական ցաւալի դէպք մը, որու հետեւանքով չորս ոստիկան նահատակուեցաւ։ Քաղաքի Սուր գաւառակէն ներս ՓՔՔ-ական ահաբեկիչներու թիրախը դարձաւ ոստիկանական ինքնաշարժ մը։ Ահաբեկիչները հեռակայ դրութեամբ ռումբ մը պայթեցուցին ոստիկանական այդ ինքնաշարժի երթեւեկութեան ընթացքին։
Ահաբեկիչները շուրջ 200 քիլօկրամ պայթուցիկ նիւթ օգտագործեցին այս յարձակման համար, որու հետեւանքով 5 մեթր տրամաչափով ու 1 մեթր խորութեամբ փոս մը բացուեցաւ ճանապարհին վրայ։
Նահատակուած չորս ոստիկանին առընթեր պայթումին հետեւանքով երեք ոստիկան ալ վիրաւորուեցաւ։
Նահատակեալ ոստիկաններն են՝ Մահմուտ Աւա, Շենալի Օճաք, Ալի Սեւիմ եւ Միրաչ Քատիր Էօզճան։