Շաբաթ 11, Յունուար 2025
ՔԱՂԱՔԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՅՑ
Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանին։ Սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը։ Զրոյցի տեւողութեան Թորոս Ալճան ներկայացուց իր ղեկավարած գրասենեակի գործունէութեան ընդհանուր գիծերը եւ հետապնդած նպատակները։ Ան անդրադարձաւ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու կեանքին եւ այդ ամբողջին մէջ այն խնդիրներուն, որոնց լուծման նպատակաուղղուած է գրասենակին գործունէութիւնը։
Երեքշաբթի, Յունուար 17, 2017