17 ՕՐ ՎԵՐՋ ԳՏՆՈՒԱԾ

Ա­մա­նո­րի գի­շե­րը Օր­թա­գիւ­ղի «Ռէյ­նա» գի­շե­րա­յին ա­կում­բի վրայ յար­ձա­կում ի­րա­գոր­ծած եւ 39 հո­գիի մա­հուան պատ­ճառ դար­ձած ա­հա­բե­կի­չը ե­րէկ ձեր­բա­կա­լ­ւե­ցաւ Իս­թան­պու­լի մէջ։ Ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րը, ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի եւ լրա­քա­ղու­թեան մաս­նա­գէտ­նե­րը օ­րե­րէ ի վեր կը հե­տապնդէին այդ ոճ­րա­գոր­ծը, որ ձեր­բա­կա­լուե­ցաւ Է­սէ­նեուր­տի մէջ, ուր կը թաք­նուէր բնա­կա­րա­նէ մը ներս։ Խիստ խորհրդա­պա­հու­թեամբ կեան­քի կո­չուած գոր­ծո­ղու­թեան մը ար­դիւն­քին Ի­ՇԻՊ-ի («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում) ան­դամ ա­հա­բե­կիչ Ապ­տուլ­կա­տիր Մա­շա­րի­փով ե­րէկ ժա­մը 23.00-ին ձեր­բա­կա­լուե­ցաւ, մինչ իր հետ կը գտնուէր նաեւ որ­դին։ Տաս­նեօթ օ­րուան ո­րոն­ման աշ­խա­տանք­նե­րու ար­դիւն­քին ոս­տի­կան­նե­րը յա­ջո­ղե­ցան զին­քը յայտ­նա­բե­րել։ Ան բժշկա­կան քննու­թե­նէ վերջ հար­ցաքն­նու­թեան հա­մար տա­րուե­ցաւ Անվ­տան­գու­թեան տնօ­րէ­նու­թիւն։ Իս­թան­պու­լի կու­սա­կալ Վա­սիփ Շա­հին այ­սօր ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն յայտ­նեց, որ ան խոս­տո­վա­նած է իր յան­ցան­քը եւ իր մատ­նա­հետ­քե­րը ար­դէն հա­մա­պա­տաս­խա­նած են ի­րենց հե­տապն­դած­նե­րուն հետ։

Մա­շա­րի­փո­վի ձեր­բա­կա­լուած բնա­կա­րա­նին մէջ կը գտնուէին նաեւ ի­րաք­ցի տղա­մարդ մը եւ օ­տա­րահ­պա­տակ ե­րեք կա­նայք։

Երեքշաբթի, Յունուար 17, 2017