«ԻՄ ԳԱՂՏՆԻ ԳՐՔԱՍԷՐ» ԾՐԱԳԻՐԸ

Երեւանի «Պուքինիստ» գրախանութներու ցանցը եւ Արարատեան Հայրապետական թեմը Սիրահարներու տօնին ընդառաջ նախաձեռնած են «Իմ գաղտնի գրքասէր. սիրոյ խոստովանութիւն գիրքով» միջոցառման։ Անոր շրջանակներէն ներս Յունուարի 15-24 թուականներուն միջեւ գիրքի երկրպագուները կրնան Սուրբ Սարգիսի տօնին ընդառաջ սէր խոստովանիլ գիրքի միջոցով։ Այս մասին երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ արտայայտուեցաւ ծրագրի համակարգող Անի Ղազարեան։

«Մենք կ՚առաջարկենք այս տարի սիրոյ խոստովանութիւն ընել գիրքով։ Սիրոյ արկղերը տեղադրուած են «Պուքինիստ»ի բոլոր գրախանութներուն մէջ։ Մարդիկ կրնան 20 տոկոսի զեղչով իրենց նախընտրած գիրքը գնել իրենց սիրելիի համար, յատուկ գաղտնի էջանիշի վրայ գրել անոր անունը, ազգանունը, հեռախօսահամարը։ Յունուարի 26-ին, ժամը 18.00-21.00-ի միջեւ մենք կը հրաւիրենք տուեալ անձը «Պուքինիստ Մեթրոնոմ», յանձնելու համար նուէրը՝ չբացայայտելով նուիրողի ով ըլլալը», նշեց Ղազարեան։

Սիրահարներու տօնի յաջորդ օրը՝ Յունուարի 28-ը, Հայոց բանակի օրն է։ Այդ կապակցութեամբ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին գիրք գնել եւ նուիրել զինուորներուն, կրնան այդ մէկը ընել «Իմ գաղտնի գրքասէր. սիրոյ խոստովանութիւն գիրքով» միջոցառման շրջանակներէն ներս. գնել գիրքը, էջանիշի վրայ գրել զօրամասի հասցէն, Հայփոստը, որ կը համագործակցի «Պուքինիստ»ի հետ, զայն անվճար կ՚առաքէ տուեալ զօրամաս։

«Գաղտնութիւնը կը պահպանէ։ Էջանիշները քոտաւորուած են, եւ նոյնիսկ մենք չենք գիտեր, թէ ովքեր են նուիրողները։ Նախորդ տարի կային մարդիկ, որոնք չեկան իրենց գիրքը առնելու։ Հիմա քոտաւորած ենք էջանիշները։ Եթէ մարդիկ չգան իրենց նուէրը ստանալու, կը հրապարակենք քոտերը, եւ գրքասէրը կու գայ կ՚առնէ իր գնումը», շեշտեց համակարգողը։

Անի Ղազարեան ընդգծեց, որ անցեալ տարի ծրագրին մասնակցած են ամուսիններ, եղած է մէկ զինուոր, մասնակցած է երիտասարդ մը, որ հինգ հոգիի համար նուէր գնած է։ Մեծամասնութեամբ նուիրած են «Փոքրիկ իշխանը», «Սիրելու արուեստը» եւ Էրիխ Մարիա Ռեմարքի գիրքերը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2018