ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԵՒ ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ՏԵՍԱԿՑԻՆ ՔՐԱՔՈՎԻ ՄԷՋ

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ծիրէն ներս երկխօսութիւնը կը շարունակուի Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի միջեւ նախատեսուած հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ վաղը։ Պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ նախարարները ժամադրուած են Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ։ 

Մինչ այդ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ կատարուած վերջին յայտարարութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին։ Ռուս նախարարը յայտնած էր, որ այս հիմնախնդիրը պէտք է կարգաւորուի փուլային տարբերակով։ Պաքուի ղեկավարութիւնն ալ երէկ արձագանգեց այդ խօսքերուն։ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Լաւրովի արտայայտութիւնները։

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2018