ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՇԷՆՔԻՆ ՏՈՒՆԴԱՐՁԸ

Միացեալ Նահանգներու Մէյն նահանգի Լիւպէք քաղաքին մէջ գտնուող պատմական շինութիւնը փոթորիկի պատճառով յայտնուած է Գանատայի տարածքին մէջ: Ամերիկացիները այժմ կը պայքարին, որպէսզի վերադարձնեն շինութիւնը:

Միջադէպը տեղի ունեցած է Յունուարի 4-ին: Ուժգին փոթորիկը քանդած է ամրաձողերը, որոնց վրայ կը գտնուէր կառոյցը: Այդ պատճառով ալ շինութիւնը յայտնուած է Ֆանտի ծոցին մէջ եւ քշուած՝ Գանատայի ուղղութեամբ: «Պիկ Փիքչըր» կ՚աւելցնէ, որ նշեալ շինութիւնը ներառուած է Միացեալ Նահանգներու պատմական վայրերու ազգային ցուցակին մէջ: Անիկա Միացեալ Նահանգներու մէջ ապխտած տառեխի արտադրման վերջին աւանդական գործարանն էր:

Լիւպէքի պատմական վայրերու պահպանութեամբ զբաղող «Լիւպէք Լենտմարքս» կազմակերպութիւնը կը փորձէ շինութիւնը վերադարձնել, սակայն դիւանակալական քաշքշուքը չափէն աւելի ժամանակ կը խլէ:

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2018