ՓՈՒՇԻ ՎՐԱՅ ՕՐԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտարարեց. «Այսօր, վաղը Աֆրինէն եւ Մենպիչէն սկսեալ պիտի ցրենք Սուրիոյ ահաբեկչական լծակները»։ Սուրիոյ հիւսիսի իրադարձութիւնները կը շարունակեն բնորոշել Թուրքիոյ օրակարգը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները աշխատանք կը տանին Սուրիոյ հիւսիսին ստեղծելու համար սահմանապահ բանակ մը։ Նկատի ունենալով, որ այդ զօրքին ողնայարը պիտի կազմէ ՓՔՔ-ի շառաւիղ ԵՓԿ-ՓԵՏ-ն՝ Թուրքիա բուռն հակազդեցութիւն ցոյց կու տայ։ Անգարա մէկ կողմէ միջազգային գետնի վրայ ահազանգ կը հնչեցնէ, իսկ միւս կողմէ զօրք կը կուտակէ Սուրիոյ սահմանին վրայ։ Ընդհանուր առմամբ, Թուրքիոյ տեսակէտէ կ՚ապրուին փուշի վրայ օրեր։

Այս մթնոլորտին մէջ, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ տեղեկացուց, որ Թուրքիա Աֆրինի գործողութիւնները պիտի իրականացնէ Սուրիոյ ընդդիմադիրներուն հետ։ Ան յիշեցուց, որ Սուրիոյ վարչախումբն ալ կողմնակից չէ նման զօրքի մը ձեւաւորման եւ այդ մէկը կը համարէ սպառնալիք։ Նախագահը ընդգծեց, որ այս փուլին կապ պիտի չհաստատէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Արդարեւ, Տանըլտ Թրամփ խոստացած էր իր հետ շփման մէջ ըլլալ, սակայն այդ խոստումը չէ յարգած։ Հետեւաբար, Էրտողան ներկայիս մտադիր չէ Թրամփին հեռաձայնել՝ նախքան, որ ան կապ հաստատէ իրեն հետ։ Միջանկեալ հարկ է նշել, որ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Աֆրինի բնակիչները սկսած են խումբ առ խումբ լքել քաղաքը։

Անգարա միջազգային գետնի վրայ բազմակողմանի շփումներ յառաջ կը տանի ներկայ փուլին։ Էրտողան երէկ տեղեկացուց, որ կապի մէջ է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Ան հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։ Նախագահը դաշինքի ընդհանուր քարտուղարի նկատառման յանձնեց, որ Թուրքիա ձեռնունայն պիտի չմնայ՝ եթէ իր սահմանին վրայ ահաբեկչական զօրք մը ստեղծուի։ Օրուան տեւողութեան ալ Էրտողան քննադատական շեշտով արտայայտուեցաւ ՆԱԹՕ-ի մասին։ «Ձեր դաշնակիցներէն մէկուն սահմաններուն դէմ ոտնձգութիւն կատարողներուն համար պարտաւոր էք դիրքորոշում որդեգրելու։ Ի՞նչ դիրք գրաւած էք», ըսաւ ան։

Երէկ, օրուան տեւողութեան Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար Պրիւքսելի մէջ մասնակցեցաւ ՆԱԹՕ-ի ժողովին։ Ան խօսք ուղղեց ԱՄՆ-ին եւ միւս դաշնակիցներուն՝ արտայայտելով Թուրքիոյ ակնկալութիւնը՝ որպէսզի այս սխալը չգործուի։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ Գանատայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի հետ։

Ուաշինկթընէն ալ երէկ հասան այս խնդրին վերաբերեալ պատգամներ։ ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Աֆրինի մէջ չեն խրախուսեր ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի տարրերը։ Բաց աստի, Փենթակոն յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ սահմանի անվտանգութեան զօրքի ստեղծման հարցի պարագային կը հասկնան Թուրքիոյ մտահոգութիւնները եւ կը տեսակցին թրքական կողմին հետ։ Ներկայ ձգտեալ իրավիճակին մէջ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ զանազան մակարդակներու միջեւ շփումներ յառաջ կը տարուին։ Այդ բոլորի լոյսին տակ թէեւ վերջնականօրէն ժխտական պատգամներ չեն փոխանցուիր, սակայն առայժմ կը պակսի յստակութիւնը։

Միւս կողմէ, այսօր մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի կ՚ունենայ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստը։ Կառավարութիւնն ալ կը գումարէ ժողով մը։ Այս բոլորի լոյսին տակ կը յստականան ներկայ փուլի վերաբերեալ Թուրքիոյ առաջնահերթութիւնները։

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2018