110-ԱՄԵԱԿԻ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու TRT-ի աշխատակիցներէն բաղկացեալ խումբ մը։ Պետական հեռուստակայանի ներկայացուցիչները փափաքած էին նիւթ մը պատրաստել ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հիմնադրութեան 110-ամեակի յոբելեանին առթիւ։ TRT-ի ներկայացուցիչներու խումբին մէջ էին՝ Սեզէն Ճեճելի Քէօսէ, Տիլարա Էօզթիւրք եւ Ահմէտ Քարաահմէտօղլու։ Հիւրերը հարցազրոյց մը տեսագրեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ։ Այս հարցազրոյցին զուգահեռ անոնք տեսագրութիւններ կատարեցին խմբագրատանս մէջ։ Մեր արխիւի հին թերթերուն, նաեւ թերթիս ընտանիքի երէցներէն աւանդուած խորհրդանշական իրերը եւ պատմական լուսանկարները առարկայ դարձան անոնց մասնաւոր հետաքրքրութեան։

Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ օրերուն TRT-ի կողմէ սփռուի նիւթ մը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 110-ամեակին առթիւ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2018